Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկարատեւ Դադարէ Ետք Ուհանի Մէջ Վարակման Նոր Դէպք Թրամփի Կարծիքով` «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Անհետանայ Առանց Պատուաստանիւթի

Մայիս 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` «Քորոնա» ժահրը, վերջին հաշուով, պիտի անհետանայ առանց պատուաստանիւթի: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Այս ամէնը կրնայ անհետանալ առանց պատուաստանիւթի: Յոյսով եմ, որ որոշ ժամանակ ետք մենք այդ համաճարակը չենք տեսներ: Հաւանական է, որ յաջորդ տարուան ընթացքին պիտի ըլլայ բռնկում, սակայն, ինչպէս շատերը կ’ըսեն, մենք պիտի կարենանք զայն մարել», ըսած է Թրամփ` Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուցած է, որ իր խօսքերը հիմնուած են բժիշկներու ըսածներուն վրայ. անոնք կը պնդեն, թէ համաճարակը պիտի անհետանայ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ աշնան կամ ատկէ ետք:

«Ուըրլտմիթըրզ» կայքի տուեալներուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած է 280.431 մարդ, իսկ վարակուածներուն թիւը հասած է 4.100.729-ի:

Վարակուածներու թիւով ամբողջ աշխարհի վրայ առաջին դիրքին վրայ է Ամերիկան` 1.347.309: Անոր կը յաջորդեն Սպանիան` 262.783, Իտալիան` 218.168, Բրիտանիան` 215.260, Ռուսիան` 198.676, Ֆրանսան` 176.658, Գերմանիան` 171.324:

Մահացածներուն ցուցանիշով դարձեալ առաջին դիրքի վրայ է Ամերիկան, որուն կը յաջորդեն Բրիտանիան, Իտալիան, Սպանիան եւ Ֆրանսան:

Մինչ այդ, չինական Ուհան քաղաքին մէջ, ուրկէ սկսած էր «Քորոնա» ժահրի տարածումը, երկարատեւ դադարէ ետք «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր դէպք արձանագրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հուպէյ նահանգի առողջապահութեան հարցերով յանձնախումբին:

Կը նշուի, որ հիւանդը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: Բացի այս դէպքէն, Հուպէյ նահանգին մէջ վերջին օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 17 նոր պարագայ` առանց ախտանշաններու: Ընդհանուր առմամբ այս շրջանին մէջ բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուին առանց «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններու 616 հիւանդներ:

Մինչ Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մէջ երրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագայ չէ արձանագրուած, Քուէյթի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1.065 եւ մահուան 9 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8.688-ի, իսկ մահացածներունը բարձրացաւ 58-ի: Քաթարի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1.189 եւ մահուան մէկ պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 22.520, իսկ մահացածներունը` 14-ի: Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 812 եւ մահուան 13 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 224.390-ի, իսկ մահացածներունը` 26.621-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1.546 պարագայ, իսկ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 50-ի: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 137.115-ի, իսկ մահացածներունը` 3.739-ի: Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակման 9 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 635-ի: Մահացածներուն թիւը 10 է: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 11.012 եւ մահուան 88 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 209.688-ի, իսկ մահացածներունը` 1.915-ի: Պրազիլի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 611 եւ մահուան 730 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 155.939-ի, իսկ մահացածներունը` 10.627-ի:

 

 

Նախորդը

Իրան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առանց Նախապայմաններու Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակում Կատարելու

Յաջորդը

«Հաշուեյարդա՞ր»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?