Քաթարի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալի Թանիի հետ:
Անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ կողմերը կարծիքներ փոխանակած են շրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ:



