Ռուսիան եւ Թուրքիան բանակցութիւններ կը վարեն ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան յաւելեալ համակարգերու մատակարարման եւ ատոր ժամկէտներուն շուրջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշէ Ռուսիոյ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւը:
Ռուսիան 2019 թուականին աւարտած էր Թուրքիոյ չորս «Էս-400» համակարգերու մատակարարումը` 2,5 միլիառ տոլարով:
«Թուրքիոյ համար «Էս-400»-ներու լրացուցիչ խումբի հարցը օրակարգի վրայ է, ոչ մէկ ձեւի փոփոխութիւն կայ: Մենք համաձայնութիւն կը գոյացնենք համակարգի կազմին, ժամկէտներուն եւ այլ պայմաններու շուրջ: Արդէն ընթացքի մէջ է բանակցային հոլովոյթը, եւ մենք յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային պիտի գանք հասարակ յայտարարի», նշած է Շուկայեւ:
Ան ընդգծած է, թէ առաջին պայմանագիրը եղած է բացառապէս մատակարարող, իսկ յաջորդ պայմանագիրը պիտի ենթադրէ նաեւ արտադրութեան հոլովոյթին մէջ թրքական կողմին մասնակցութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիան 2019 թուականին արդէն Թուրքիոյ մատակարարած էր «Էս-400»-ներ: Օրին այդ պատճառով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յառաջացաւ լարուածութիւն, որուն իբրեւ հետեւանք Թուրքիոյ դէմ հաստատուեցան որոշ պատժամիջոցներ:



