Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան բանբեր Մարկրիթ Հարիս Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաները նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի կեդրոն դարձած են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Երկու Ամերիկաներուն մէջ ալ վարակուածներուն թիւը կ՛աւելնայ: Ամերիկաները այժմ համաճարակի կեդրոն պիտի կոչենք», նշած է ան:
Հարիս նաեւ ընդգծած է, որ ամբողջ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրի վարակման պարագաներու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ հակառակ առաւել թոյլ սահմանափակումներով «համաճարակի նոր փուլ» մուտք գործելուն` երկրին բնակիչները պէտք է «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար հետեւին «հիմնական պահանջներուն»:
«Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ ուշադրութիւն դարձնենք այն փաստին վրայ, որ «համաճարակի նոր փուլ» կը մտնենք, ուստի այժմ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որ սահմանափակումներու նուազման հետ միատեղ վստահ ըլլանք, որ մարդիկ պիտի հետեւին հիմնական պահանջներուն, այսինքն` պիտի հետեւին հեռաւորութիւնը պահելուն, ի նշան դիմացինի նկատմամբ յարգանքի պիտի փակեն բերանն ու քիթը: Ատիկա շատ կարեւոր է», ընդծգած է ան:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է եւ այժմ դարմանումի կ՛ենթարկուի: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ «Քորոնա»-ով վարակուած են վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը, վերակառուցման նախարար Վլատիմիր Եաքուշեւը, մշակոյթի նախարար Օլկա Լիուպիմովան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պաշտօնատարներ եւ Տումայի անդամներ:
«Քորոնա» ժահրի համաճարակի օճախ նկատուող Չինաստանի Հուպէյ նահանգի Ուհան քաղաքի ժահրի դէմ պայքարի շտապը թելադրած է տասը օրուան ընթացքին քաղաքի ամբողջ բնակչութիւնը «Քորոնա» ժահրի գոյութիւնը ստուգող քննութեան ենթարկել. որոշումը տրուած է քաղաքին մէջ վարակման նոր պարագաներու բացայայտումէն ետք:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ուհանի մէջ 4 ապրիլէն ետք առաջին անգամ 9 մայիսին «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագայ արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ յայտնաբերուած է ախտանշան չունեցող 16 վարակակիր, որոնցմէ հինգը հետագային ախտանշաններու ի յայտ գալուն պէս վերաորակաւորուած են իբրեւ հաստատուած պարագայ:
«Ուհանը 18 ապրիլին ճանչցուած էր իբրեւ «Քորոնա» ժահրային սպառնալիքի ցած մակարդակով քաղաք, իսկ 26 ապրիլին քաղաքային հիւանդանոցէն դուրս եկած էր վերջին հիւանդը: Սակայն բարդացած իրավիճակին պատճառով քաղաքի` «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարի շտապը արտակարգ ժողով գումարած է եւ հետագայ ընելիքներուն վերաբերեալ քննարկումներ կատարած: Որոշում տրուած է Ուհանի բոլոր բնակիչներուն համար «Քորոնա» ժահրի գոյութիւնը ստուգող քննութիւն կատարել», կը նշուի շտապի յայտարարութեան մէջ:
Քննութիւնը կը ծրագրուի կատարել 10 օրուան ընթացքին:
Չինաստանի իշխանութիւնները երթեւեկի սահմանափակումները ամբողջովին վերցուցած էին 8 ապրիլին եւ մարդոց արտօնած էին դուրս գալ քաղաքի սահմաններէն: Շուրջ 11 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այս քաղաքին մէջ համաճարակի սկիզբը «Քորոնա» ժահրով վարակուած են շուրջ 50339 մարդիկ, որոնցմէ 3869-ը մահացած են:
«Ուորլտմիթըրզ.ինֆօ» կայքը կը հաղորդէ, որ ամբողջ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրէն ապաքինածներուն թիւը հասած է 1.527.789-ի:
Վերջին տուեալներուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի վրայ ժահրով վարակուած է աւելի քան 4,2 միլիոն մարդ, իսկ մահացածներուն թիւը հասած է 287354-ի:
Վարակուածներու թիւով առաջին դիրքի վրայ է Ամերիկան (1.385.834): Անոր կը յաջորդեն Սպանիան (268143), Բրիտանիան (223060), Ռուսիան (221344), Իտալիան (219814), Ֆրանսան (177423), Գերմանիան (172576), Պրազիլը (169594) եւ Թուրքիան (139771):
Իտալիոյ մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագաներու աճի մրցանշային ցած թիւ: Մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է 744 պարագայ: Սուտանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 161 եւ մահուան 4 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1526-ի, իսկ մահացածներունը` 74-ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 27 եւ մահուան 2 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 10936-ի, իսկ մահացածներունը` 258-ի:
Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման միայն մէկ պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 639-ի: Մահացածներուն թիւը կը շարունակէ մնալ 11: Չիլիի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 30063-ի, իսկ մահացածներունը` 323-ի: