Միջազգային

Սլովենիա Պաշտօնապէս Յայտարարեց Երկրին Մէջ  Համաճարակի Աւարտը` Դառնալով Այդ Քայլը  Առնող Եւրոպական Առաջին Երկիրը

Սլովենիա Պաշտօնապէս Յայտարարեց Երկրին Մէջ Համաճարակի Աւարտը` Դառնալով Այդ Քայլը Առնող Եւրոպական Առաջին Երկիրը

Սլովենիոյ կառավարութիւնը երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի աւարտը յայտարարեց` այդպիսով դառնալով եւրոպական առաջին երկիրը, որ այլ քայլը կ՛առնէ: Անցնող երկու շաբաթներուն երկրին մէջ օրական նուազ քան 7 վարակումներ կ՛արձանագրուէին: Կառավարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, նշեց, որ Եւրոպական Միութենէն Սլովենիա այցելողները այլեւս ստիպուած չեն առնուազն եօթը օր մեկուսացման մէջ մնալու, ինչպէս նախապէս` ապրիլ ամիսէն ի վեր անոնցմէ կը պահանջուէր` աւելցնելով, որ օտարահպատակներուն,...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Լիովին  Կը Զօրակցին Ազրպէյճանի  Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Լիովին Կը Զօրակցին Ազրպէյճանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան»

Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն եւ խաղաղ լուծում գտնելու բանակցութիւններուն: Ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի անկախութեան տօնին առիթով այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած իր նամակին մէջ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Միացեալ Նահանգներ ուժեղ կերպով կը զօրակցին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Միացեալ Նահանգներ եւ Ազրպէյճան...

Իտալիան Կը Սպառնայ Դուրս Գալ  Եւրոպական Միութենէն

Իտալիան Կը Սպառնայ Դուրս Գալ Եւրոպական Միութենէն

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթէ յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի լքէ Եւրոպական Միութիւնը, եթէ ուժի մէջ մտնէ «կանաչ միջանցքներ»-ու վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը: Զբօսաշրջութեան «Կանաչ միջանցք»-ի հիմամբ, որոշ երկիրներ, ուր «Քորոնա» ժահրի նուազ պարագաներ արձանագրուած են, հնարաւորութիւն պիտի ունենան զբօսաշրջութիւնը աւելի շուտ վերականգնելու: «Մենք չենք ընդունիր համաձայնագիրը, որ կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան մէջ զբօսաշրջիկներու համար առաջնահերթ ուղիներու...

Ծովային Սահմաններու Շուրջ`  Թուրքիա-Իսրայէլ  Գաղտնի Բանակցութիւննե՞ր

Ծովային Սահմաններու Շուրջ` Թուրքիա-Իսրայէլ Գաղտնի Բանակցութիւննե՞ր

Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատար անձեր մնայուն կերպով գաղտնի բանակցութիւններ կը վարեն ծովային սահմաններու եւ բացառապէս Միջերկրական ծովու արեւելեան գօտիներուն մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերելու վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապ Նիուզ»-ը` յղում կատարելով սեփական աղբիւրներուն: Թուրք վերլուծաբան Այտըն Սեզեր կը նշէ, որ այդպիսի գործարք մը քիչ հաւանական է, որովհետեւ այդ պարագային խնդիր պիտի ստեղծուի Կիպրոսի հետ, որուն հետ Իսրայէլ որոնողական աշխատանքներ...

«Չինաստանէն Կիպրոս Օժանդակութիւն  Փոխադրող Օդանաւը Յարմար Պահու Դիմում  Չներկայացուց Մեր Օդային Տարածքը Օգտագործելու»  Կ՛ըսէ Աքսոյ

«Չինաստանէն Կիպրոս Օժանդակութիւն Փոխադրող Օդանաւը Յարմար Պահու Դիմում Չներկայացուց Մեր Օդային Տարածքը Օգտագործելու» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ, պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ Չինաստանէն Կիպրոս մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւի մը իր օդային տարածքէն անցնիլը արգիլելու քայլին մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Օդանաւը թրքական օդային տարածքը օգտագործելու դիմում չներկայացուց յարմար ժամանակին»: Ան նշեց, թէ իր երկիրը Կիպրոսի Հանրապետութեան նկատմամբ իր քաղաքականութեան հիմամբ այդ երկրի օդանաւերուն կամ այդտեղ ուղղուող օդանաւերուն դիմաց կը փակէ իր օդային տարածքը...

Էրտողան Եւ Սթոլթենպերկ Քննարկած Են  Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ «Քորոնա»¬Ի Հարցերը

Էրտողան Եւ Սթոլթենպերկ Քննարկած Են Լիպիոյ, Սուրիոյ Եւ «Քորոնա»¬Ի Հարցերը

Օթան Պատրաստ Է Օգնելու Լիպիոյ Պաշտպանութեան Եւ Ապահովական Կառոյցներու Կառուցման Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը: Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային հարցեր` յատկապէս անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօսած են «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հարցով ծրագրուող...

Թրամփ. «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Տարածումը Ցոյց Տուաւ, Թէ Համաշխարհայնացումի Ժամանակաշրջանը Աւարտած Է»

Թրամփ. «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Տարածումը Ցոյց Տուաւ, Թէ Համաշխարհայնացումի Ժամանակաշրջանը Աւարտած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումը ցոյց տուաւ, թէ համաշխարհայնացումի ժամանակշրջանը աւարտած է` նշելով, որ Չինաստանի հետ առեւտրական համաձայնագիրին շուրջ դարձեալ պիտի չբանակցի: Նախքան այդ, Թրամփ պահանջած էր վերաբանալ դպրոցները եւ զարմանք յայտնած տնտեսութիւնը բանալու վտանգներուն վերաբերեալ զգուշացումներուն նկատմամբ:

ՄԱԿ-ի Մէջ Ամերիկեան Ներկայացուցչութիւն.«Իրան Կը Շարունակէ Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Իր Գործակատարները Զինել»

ՄԱԿ-ի Մէջ Ամերիկեան Ներկայացուցչութիւն.«Իրան Կը Շարունակէ Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Մէջ Իր Գործակատարները Զինել»

  ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Իրան 22 ապրիլին արբանեակ մը ծիր արձակելով կը խախտէ (Ապահովութեան խորհուրդի) թիւ 2231 որոշումը»: «Իրանի կողմէ զէնքերու արգիլման որոշումը խախտել շարունակելը Ապահովութեան խորհուրդէն աւելի մեծ ջանք կը պահանջէ, եւ մեր դաշնակիցներուն հետ անդուլ կերպով աշխատանք պիտի տարուի Իրանի զէնքի մատակարարման արգիլումը երկարաձգելու», նշեց ներկայացուցչութիւնը: «Շաբաթներ առաջ հուսիները Սէուտական Արաբիոյ վրայ...

«Քորոնա»-ն Ո՛չ Միայն Մարդոց Ֆիզիքական Առողջութիւնը Կը Հարուածէ, Այլ Նաեւ Ժխտական Անդրադարձ Կ՛ունենայ Անոնց Հոգեկան Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

«Քորոնա»-ն Ո՛չ Միայն Մարդոց Ֆիզիքական Առողջութիւնը Կը Հարուածէ, Այլ Նաեւ Ժխտական Անդրադարձ Կ՛ունենայ Անոնց Հոգեկան Կացութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիու Կութիերես երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց հոգեբանական օգնութիւն տրամադրելու «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն շատ վտանգուած խումբերուն, ներառեալ բժիշկներուն, երիտասարդներուն եւ տարեց մարդոց: «Առաւելագոյն վտանգուած խումբերուն կը պատկանին պայքարի առաջին գիծի վրայ աշխատող բժշկական մարզի աշխատողները, ինչպէս նաեւ տարեցները, դեռահասները եւ երիտասարդները, նախապէս հոգեկան առողջութեան խանգարումներ ունեցող անձեր, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք յայտնուած են ճգնաժամի կիզակէտին մէջ: Մենք պէտք...

Չինաստան Մտադիր Է Պատասխան Պատժամիջոցներ Հաստատել Միացեալ Նահանգներու Պաշտօնատարներու Դէմ

Չինաստան Մտադիր Է Պատասխան Պատժամիջոցներ Հաստատել Միացեալ Նահանգներու Պաշտօնատարներու Դէմ

Չինաստան դժգոհ է Միացեալ Նահանգներու` «Քորոնա» ժահրի տարածման մէջ Փեքինի մասնակցութեան վերաբերեալ դիրքորոշումէն եւ հաւանական կը նկատէ պատասխան պատժամիջոցներու կիրարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կլոպըլ Թայմզ»¬ը: Նախապէս հանրապետական Լինտսի Կրահամ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին օրինագիծ ներկայացուցած էր նոր «Քորոնա» ժահրի պատասխանատուութեան մասին, որ կ՛ենթադրէ պատժամիջոցներ Չինաստանի դէմ` «Քորոնա» ժահրի տարածման համար: Օրինագիծը կ՛ենթադրէ, որ Չինաստան պէտք է վարակին վերաբերեալ ամբողջական զեկուցում...

Իրան 40 Հազար Քննութեան Սարք Ուղարկած Է Թուրքիոյ. Վերջինը Կը Հերքէ

Իրան 40 Հազար Քննութեան Սարք Ուղարկած Է Թուրքիոյ. Վերջինը Կը Հերքէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարած է, թէ Իրանի «Քորոնա» ժահրի 40 հազար քննութեան սարք ուղարկած է Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու: Թուրքիոյ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը հերքեց Զարիֆի յայտարարութիւնը` նշելով, որ Թուրքիան Իրանէն քննութեան ոչ մէկ սարք ստացած է:

Փոմփէօ Թեհրանը Կ՛ամբաստանէ «Քորոնա»-ի Պայմաններուն Մէջ Իր Ներուժը «Սարսափի Տարածման» Համար Օգտագործելու Մէջ

Փոմփէօ Թեհրանը Կ՛ամբաստանէ «Քորոնա»-ի Պայմաններուն Մէջ Իր Ներուժը «Սարսափի Տարածման» Համար Օգտագործելու Մէջ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ այցելեց Իսրայէլ, ուր վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումէն առաջ Իրանը ամբաստանեց իր ներուժը «սարսափի տարածման» մէջ օգտագործելու յանցանքով` այնպիսի պահու մը, երբ իր ժողովուրդը առողջապահական ու տնտեսական քանդիչ տագնապէ կը տառապի: «Իրանցիները այաթոլլայի վարչակարգի ներուժը կ՛օգտագործեն աշխարհի բոլոր կողմերը սարսափ յառաջացնելու համար` նոյնիսկ այս համաճարակին ընթացքին եւ այն պահուն, երբ իրանցի...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Քննարկման Ներկայացուցած Է Չինաստանի Դէմ Պատժամիջոցներու Վերաբերեալ Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Քննարկման Ներկայացուցած Է Չինաստանի Դէմ Պատժամիջոցներու Վերաբերեալ Օրինագիծը

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմ Ծերակոյտին ներկայացուցած է  «Քորոնա» ժահրի պատասխանատուութեան վերաբերող օրինագիծը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ հաստատել Չինաստանի դէմ, եթէ վերջինս «Քորոնա»-ի համաճարակի բռնկման մասին ամբողջական հաշուետուութիւն չտայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ը: «Ես վստահ եմ, որ եթէ չըլլար Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան խաբէութիւնը, ապա այստեղ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, ժահր չէր ըլլար: Չինաստանը կը մերժէ արտօնել...

ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրը «Քորոնա»-ի Համաճարակին Պատճառով Լայնածիր Սով Կը Նախատեսէ

ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրը «Քորոնա»-ի Համաճարակին Պատճառով Լայնածիր Սով Կը Նախատեսէ

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրի վերլուծումներուն համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը աշխարհի տարբեր մասերու մէջ մարդասիրական աղէտի եւ սովի պատճառ պիտի ըլլայ: Այս մասին հաղորդուած է կազմակերպութեան թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: Վերջին հաշուարկներու համաձայն, մոլորակի քառորդ միլիառ բնակիչ արդէն իսկ 2020 թուականին կրնայ «Քորոնա»-ին իբրեւ հետեւանք սովի սպառնալիքի դէմ յանդիման գտնուիլ: «Ներկայիս ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը երեք ամսուան համար...

Միսմարի. «Էրտողանի Երազները Պիտի Թաղուին Լիպիոյ Մէջ». Հինգ Երկիրներ Դատապարտեցին Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Միսմարի. «Էրտողանի Երազները Պիտի Թաղուին Լիպիոյ Մէջ». Հինգ Երկիրներ Դատապարտեցին Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները իրենց միջեւ գումարուած տեսաժողովէն ետք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` դատապարտելով այն ճգնաժամը, որ կը սպառնայ Միջերկրական ծովուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռեկնում»-ը: Հինգ երկիրները տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան յաւելման ու շարունակական սադրիչ գործողութիւններու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով` ընդգծեցին, որ Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ...

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը Մեկուսացման Ժամանակ Գաղտնի Աշխատած Է Հիւանդանոցի Մէջ

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը Մեկուսացման Ժամանակ Գաղտնի Աշխատած Է Հիւանդանոցի Մէջ

Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպ Բրիտանիոյ մէջ յայտարարուած մեկուսացման դրութեան ժամանակ գաղտնի աշխատած է Լոնտոնի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այս մասին կը գրէ «Էքսփրես»-ը: 64 տարեկան հոգեւորականը յատուկ դասընթացքներ առած է անհատական պաշտպանութեան միջոցները ճիշդ կրելու եւ վարակուած մարդոց հետ հաղորդակցելու համար: Այնուհետեւ ան կամաւոր աշխատանքի անցած է իր նստավայրէն ոչ հեռու եղող Թեմզ գետի հարաւային ափին վրայ...

ԵԱՏՄ-ի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Քայլերը

ԵԱՏՄ-ի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Քայլերը

ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու բնակչութեան առողջապահական-համաճարակային բարեկեցութեան ոլորտին մէջ լիազօրուած մարմիններու ղեկավարներու խորհուրդը 12 մայիսին գումարած տեսաժողովին ընթացքին քննարկած է միութեան անդամ երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի քայլերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Նիստը տեղի ունեցած է «Ռոսփոթրեպնատզօր»-ի ղեկավար Աննա Փոփովայի նախագահութեամբ: Քննարկումին հրաւիրուած են նաեւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչները: «Առողջապահական համաճարակային բարեկեցութեան ոլորտին մէջ լիազօրուած մարմիններու ղեկավարներու խորհուրդի...

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Հարցերով Հելսինքեան Յանձնախումբը Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Հարցերով Հելսինքեան Յանձնախումբը Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները

Ազրպէյճան «Քորոնա» ժահրի համաճարակը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործէ` երկրին մէջ քաղաքական ճնշումներ կատարելու եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու համար: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, «Ամերիկայի ձայն»-ը կը յայտնէ, որ այս մասին յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մարդու իրաւունքներու հարցերու Հելսինքեան յանձնախումբի համանախագահներ քոնկրեսական Ալսի Հէյսթինկզը եւ ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըրը: «Այս համաճարակի ընթացքին առողջապահութեան վերաբերող քայլերը որեւէ ձեւով չեն արդարացներ քաղաքական բռնաճնշումները: Մենք մտահոգուած ենք զեկուցումներով,...

Ռուսիա Եւ Չինաստան Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Սուրիոյ Վերաբերեալ Ապահովութեան Խորհուրդի Տեսաժողովը

Ռուսիա Եւ Չինաստան Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Սուրիոյ Վերաբերեալ Ապահովութեան Խորհուրդի Տեսաժողովը

Ռուսիա եւ Չինաստան պոյքոթի ենթարկեցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու կիրարկման վերաբերեալ ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդի «դռնփակ» տեսաժողովը: Մոսկուա զայն նկատեց անընդունելի: ՄԱԿ¬ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենզա առցանց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուան մէկ պահանջ ունի` «հաղորդակցութիւնը բաց ոլորտի մէջ ըլլայ, սակայն արեւմուտքցի կողմերն ու անոնց դաշնակիցները պնդեցին, որ այս ժողովը դռնփակ գումարուի»: Ռուսիոյ դեսպանը մերժեց, Քիմիական զէնքերու կանխարգիլման...

Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ուժերը Զինուորական Գործողութեան Մը Ընթացքին Սպաննած Են 8 Թուրք Զինուորներ

Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ուժերը Զինուորական Գործողութեան Մը Ընթացքին Սպաննած Են 8 Թուրք Զինուորներ

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, որ իրենց ուժերը Թուրքիոյ հարաւ- արեւելքին մէջ գտնուող Խաքուրք լերան շրջանին մէջ գործողութիւն մը կատարելով սպաննած են 8 թուրք զինուորներ: Թրքական բանակը իր զինուորները ուղղաթիռներով փոխադրած է շրջանէն եւ հրասանդներով անկանոն ռմբակոծում կատարած: Քրտական ուժերը նաեւ յայտնեցին, որ Զապի շրջանին մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարք մը վար առած են:

Page 460 of 884 1 … 459 460 461 … 884

Արխիւներ