13 մայիսէն սկսեալ Բրիտանիոյ մէջ պիտի սկսին մեղմացուիլ մեկուսացման միջոցառումները, որոնք երկրին մէջ հաստատուած էին «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն այս մասին յայտարարած է իր ժողովուրդին յղած պատկերասփռուած ուղերձով մը` նշելով, որ, բայց եւ այնպէս, այս քայլերը ամբողջութեամբ ջնջելու ժամանակը տակաւին չէ հասած:
Վարչապետը, մասնաւորաբար, նշած է. «Այս շաբթուընէ մենք մարդոց արտօնութիւն կու տանք տարբեր մարզաձեւ կիրարկելու փողոցը, արեւուն տակ քալելու, ինքնաշարժով զանազան վայրեր երթալու». ըստ անոր, այն անձերը, որոնք չեն կրնար տունէն աշխատիլ, աշխատավայրեր վերադառնալու կարելիութիւն պիտի ունենան, սակայն խուսափելով հանրային փոխադրամիջոց օգտագործելէ: Ասիկա առաջին հերթին կը վերաբերի շինարարութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներու աշխատակիցներուն: Գործատուներու համար յանձնարարականներ պատրաստուած են աշխատավայրերուն մէջ անվտանգութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանման վերաբերեալ: Բոլոր կանոնները, Ճոնսընի համաձայն, բրիտանացիները «պարտաւոր են պահպանել եւ պիտի պահպանուին»:
Ան նաեւ զգուշացուցած է, թէ համաճարակաբանական իրավիճակի վատթարացման պարագային բոլոր մեղմացումները կրնան ջնջուիլ: Մեկուսացման դրութեան օրէնքներու խախտման պարագային ճշդուած տուգանքները աւելցած են` առաջին խախտման պարագային 60 սթերլինկէն մինչեւ 100 սթերլինկ, իսկ կրկնուելու պարագային տուգանքի առաւելագոյն գումարը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3200 սթերլինկի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի երէկ յայտարարեց, որ այսօր վերջ կը գտնէ երկրին մէջ հաստատուած ընդհանուր արձակուրդը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ տասնեակ քաղաքացիներ ու ձեռնարկութիւններ կ՛ուզեն պատասխանատուութեան ենթարկել Չինաստանը` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկզբնաղբիւր ըլլալուն եւ իրենց երկրին մէջ աւելի քան 80 հազար մարդու մահուան պատճառ դառնալուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Զիլընտ Հերըլտ»-ը:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ցարդ առնուազն ինը դատական գործ յարուցուած է Չինաստանի դէմ: Ներկայացուած հայցերուն մէջ կը նշուի, որ չինական իշխանութիւնները վարակի տարածումը կանխարգիլելու համար ժամանակին անհրաժեշտ գործողութիւններու չեն ձեռնարկած եւ թաքցուցած են Ուհան քաղաքի կեդրոնի մէջ ժահրի բռնկումը, փորձած են թաքցնել իրենց գործողութիւնները եւ վարակման պարագաներու մասին իրական տեղեկութիւնները:
«Կը զգամ, որ անոնք այս բոլորը պահած են աշխարհէն ու ամերիկացիներէն: Մենք պէտք չէ այդքան կորուստներ ունենայինք, տնտեսութիւնը պէտք «չէր փակէինք»: Ատիկա տակնուվրայ ըրած է ամերիկացիներու կեանքը: Կը կարծեմ` պէտք է ուղղենք որոշ անհամապատասխանութիւններ», նշած է ժահրով վարակուելէ ետք ծանր վիճակի մէջ գտնուած հիւանդը, որ նոյնպէս իր «բողոք»-ը բարձրացուցած է չինական կառավարութեան գործողութիւններուն դէմ:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ հայցերէն 8 հատը հաւաքական են եւ կը ներկայացնեն հազարաւոր մարդիկ եւ ձեռնարկութիւններ: Հայցերէն մէկը կազմուած է Միսուրիի գլխաւոր դատախազին կողմէ:
Կը նշուի, որ դատական գործերը որոշ դժուարութիւններու կը բախին, որովհետեւ, «Օտար իշխանութեան անձեռնմխելիութեան» մասին օրէնքի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու մէջ այլ երկիրներու կառավարութիւններ չեն կրնար դատուիլ` ի հարկէ, որոշ բացառութիւններով:
Դեղերու արտադրութեամբ զբաղող ամերիկեան «Ճոնսըն էնտ Ճոնսըն» ընկերութիւնը յոյս ունի 2021 թուականին մինչեւ մէկ միլիառ պատուաստանիւթ ստանալ «Քորոնա» ժահրի դէմ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է ընկերութեան ղեկավար Փոլ Սթոֆելս:
«Մենք կ՛աշխատինք, որպէսզի յաջորդ տարի մէկ միլիառ պատուաստանիւթ ստեղծենք», ընդգծած է Սթոֆելս` նշելով, որ մտադիր են դարմանատնային փորձարկումներուն սկսիլ սեպտեմբերին: Անոր համաձայն` արտադրութիւնը պիտի սկսի 2020 թուականի վերջաւորութեան:
Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Հետազօտութիւններու կենսաբժշկական վարչութեան պատուաստանիւթի մշակման համար աւելի քան մէկ միլիառ տոլար պիտի յատկացուի:
«Մենք միայն ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ համաճարակը անցնէր առանց պատուաստանիւթի ստեղծման անհրաժեշտութեան, սակայն չենք կարծեր, թէ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ» աւելցուցած է ընկերութեան ղեկավարը:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կարծիք յայտնած էր, թէ «Քորոնա» ժահրը, վերջին հաշուով, պիտի անհետանայ առանց պատուաստանիւթի:
«Ամէն բան կրնայ անհետանալ առանց պատուաստանիւթի: Յոյսով եմ` որոշ ժամանակ ետք մենք ատիկա չենք տեսներ: Հաւանական է, որ յաջորդ տարուան ընթացքին բռնկում արձանագրուի, սակայն, ինչպէս շատերը կ՛ըսեն, մենք պիտի կարողանանք զայն մարել», ըսած էր Թրամփ` Սպիտակ տան կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 4.181.202-ի, իսկ մահացածներունը` 283.876-ի: Ժահրը տարածուած է 212 երկիրներու մէջ:
Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 1542 եւ մահուան 47 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 138.657-ի, իսկ մահացածներունը` 78.771-ի: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 11.656 եւ մահուան 94 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 221.344-ի, իսկ մահացածներունը` 2009-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 26.660 եւ մահուան 1737 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1.300.696-ի, իսկ մահացածներունը` 78.771-ի:
Ֆրանսայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ աւելի քան 176.000-ի, իսկ մահացածներունը` աւելի քան 26.000-ի: Վրաստանի մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 11-ի, իսկ վարակուածներունը մնաց 638-ի: Քաթարի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 23.623-ի, իսկ Քուէյթի մէջ` 9286-ի: