Եւրոպական յանձնաժողովը հաւանաբար պատժամիջոցներ կիրարկէ Գերմանիոյ նկատմամբ` Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութիւնը խախտելուն համար: «Ի.Էյ.Տէյլ»¬ի կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայըն:
Սահմանափակումներու առիթ դարձած է գերմանական դատարանին որոշումը այն մասին, որ Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան կողմէ պետական պարտատոմսերու գնումը չի համապատասխաներ Գերմանիոյ օրէնսդրութեան:
Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան տնտեսութեան վերականգնման նպատակով 2015 թուականին սկսած է եւրոյի գօտիի պետական պարտատոմսերու գնման ծրագիրը: 2018¬ին Եւրոպական դատարանը Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան գործողութիւնները օրինական ճանչցած է: 2020 թուականի մայիսին Գերմանիոյ Քարլսրուհէ քաղաքի Դաշնակցային սահմանադրական դատարանը վճռած է, որ պետական պարտատոմսերու գնումը կը հակասէ Գերմանիոյ օրէնսդրութեան: Դատարանը բացատրած է, որ Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան որոշումներու իրաւաչափութեան ստուգման մէջ Գերմանիոյ կառավարութիւնն ու Պունտեսթակ ներգրաւուած չեն:
Ներկայիս դրամատունը պէտք է եռամսեայ ժամկէտին մէջ հաստատէ իր` պետական պարտատոմսերու գնման ծրագիրի «համաչափութիւնը», այլապէս Կեդրոնական դրամատան պիտի արգիլուի մասնակցիլ ատոր:
Դաշնակցային սահմանադրական դատարանի որոշումը բողոքարկած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Սվեն Կիկոլտը` «Կանաչներէն»: Ան խնդրած է Եւրոպական յանձնաժողովին` ստուգում կատարել: Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն անոր պատասխանած է, թէ գերմանական դատարանի որոշումը մանրամասն կերպով պիտի ուսումնասիրուի: