Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա կը բանակցին Սուրիոյ հարցով «Ասթանայական եռեակ»¬ի նոր վեհաժողովի մը շուրջ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւին:
«Բանակցութիւններ կ՛ընթանան, կը շարունակուին խորհրդակցութիւնները ասթանայական հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներուն միջեւ: Ասթանայի հոլովոյթը կենդանի է, դադարը պայմանաւորուած է «Քորոնա» ժահրով», նշած է Մուսաւի:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Թեհրանի վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրի նահանջէն ետք: Մուսաւի չի բացառեր, որ եթէ ատիկա յետաձգուի, հնարաւոր է տեղի ունենայ առցանց խորհրդակցութիւն: