Միջազգային

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու

Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս դարձած է երեք նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը: Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պայտըն աւելի քան 1900 ձայն ապահոված է եւ այդպիսով պաշտօնապէս դարձած կուսակցութեան թեկնածուն: Վերլուծաբաններու նախատեսութեամբ` Պայտըն նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին պիտի կեդրոնանայ «Քորոնա» ժահրի...

Մայքըլ Ուայթի Ազատ Արձակման Համար  Շնորհակալութիւն Յայտնելով Իրանին`  «Թեհրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելը Կարելի Է»  Կ՛ըսէ Թրամփ

Մայքըլ Ուայթի Ազատ Արձակման Համար Շնորհակալութիւն Յայտնելով Իրանին` «Թեհրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելը Կարելի Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` ամերիկեան ծովուժի նախկին զինուոր Մայքըլ Ուայթը ազատ արձակելուն համար` նշելով, որ այդ քայլը ցոյց կու տայ, թէ Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելը կարելի է: «Շնորհակալութիւն Իրան, ասիկա ցոյց կու տայ, թէ համաձայնութիւն ձեռք բերելը կարելի է», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Սպիտակ տան ղեկավարը: Թրամփ յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուայթի հետ, որ հինգշաբթի...

«Զինեալ Ուժերուն Մէկ Մասը Տակաւին  Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Փենթակոնի Բանբերը

«Զինեալ Ուժերուն Մէկ Մասը Տակաւին Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Բանբերը

Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն մէկ մասը տակաւին Ուաշինկթընի շրջանին մէջ է եւ ռազմակայան պիտի վերադառնայ, երբ իրավիճակը ատիկա արտօնէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Փենթակոնի բանբերը: «Նախարարութիւնը որոշում տուած է մայրաքաղաքի շրջանէն դուրս բերել զինեալ ուժերու որոշ ստորաբաժանումներ եւ զանոնք վերադարձնել ռազմակայան: Զինուորական հրամանատարութիւնը մշտապէս կը հետեւի փոփոխական իրավիճակին: Միւս զինուորներուն վերադարձը տեղի պիտի ունենայ մեկնելով...

Ըստ Ազրպէյճանի, Ճնշուած Են Վրաստանի Հետ  Սահմանին Նախատեսուող «Սադրանքներ»-ը

Ըստ Ազրպէյճանի, Ճնշուած Են Վրաստանի Հետ Սահմանին Նախատեսուող «Սադրանքներ»-ը

Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան մամլոյ բաժանմունքը յայտարարած է. «Շնորհիւ Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան ձեռնարկած կանխարգելիչ քայլերուն` Վրաստանի սահմանապահ ծառայութեան հետ համատեղ, Քեշիքչիտաղ պետական պատմամշակութային արգելոցի (վրացական Դաւիդ Գարեջիի համալիր, «Ա.») տարածքին մէջ ոչ մէկ սադրիչ գործողութիւն արձանագրուած է»: Յիշեցնենք, որ ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Վրաստանի խումբ մը քաղաքացիներ 4 յունիսին նախատեսած էին քայլարշաւ կատարել դէպի...

«Մենք Պատրաստ Ենք Թուրքիոյ Հետ  Պատերազմելու`  Պաշտպանելու Համար  Մեր Գերիշխանական Իրաւունքները»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

«Մենք Պատրաստ Ենք Թուրքիոյ Հետ Պատերազմելու` Պաշտպանելու Համար Մեր Գերիշխանական Իրաւունքները» Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայոթոփուլոս յայտարարած է, որ իր երկիրը իր գերիշխանական իրաւունքները պաշտպանելու համար պատրաստ է ամէն բանի, ներառեալ` «սադրանքներու» պարագային Թուրքիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին նախարարը յայտարարած է թրքական «ՍԹԱՐ Թի.Վի.»-ին: «Վերջին ժամանակներուն Թուրքիոյ պահուածքը բաւական յարձակողական է: Ես կը հաւատամ, որ Յունաստանի կողմէ յաղթահարումը այդպիսի վարուելակերպին, որ, ընդհանուր առմամբ, նախայարձակումի հակում ունի, մէկ կողմէ` իր բոլոր...

Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Ուժերը  Լիպիոյ Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Հաֆթարի Ուժերու  Վերջին Կեդրոնին Գրաւումը Կը Յայտարարեն

Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Ուժերը Լիպիոյ Արեւմտեան Շրջանին Մէջ Հաֆթարի Ուժերու Վերջին Կեդրոնին Գրաւումը Կը Յայտարարեն

Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերը յայտարարեցին, որ գրաւած են մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 90 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող Թարհունա քաղաքը` երկրին արեւմուտքին մէջ զօր.Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ Ազգային բանակի վերջին կեդրոնը: Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերու բանբեր գնդապետ Մոհամետ Քնունու նշեց. «Մեր հերոս ուժերը Թարհունա քաղաքը ամբողջութեամբ առին վերահսկողութեան տակ եւ ջախջախեցին Հաֆթարի ահաբեկչական միլիսները»: Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժ իր կարգին յայտարարեց....

Էրտողան Մտադիր Է Ս. Սոֆիայի  Տաճարը Մզկիթի Վերածել

Էրտողան Մտադիր Է Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր օգնականներուն յանձնարարած է Ս. Սոֆիա տաճարը թանգարանէն մզկիթի կարգավիճակի վերափոխելու մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: «Ուսումնասիրութիւն կատարեցէ՛ք, յետոյ ամէն բան կը գնահատենք եւ կը խօսինք: Զբօսաշրջիկները կրնան Այա Սոֆիա այցելել, եթէ անիկա մզկիթ դառնայ: Ատիկա մեր ազգը պէտք է որոշէ», յայտարարած է Էրտողան` Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում...

Շուէտի Եւ Աւստրիոյ Մէջ Ցոյց` Ընդդէմ Ցեղապաշտութեան

Շուէտի Եւ Աւստրիոյ Մէջ Ցոյց` Ընդդէմ Ցեղապաշտութեան

Շուէտի Կառավարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Ցոյցերը Առցանց Կատարելու Շուէտի մէջ հազարաւորներ «Քորոնա» ժահրին պատճառով հաստատուած արգելքները անտեսելով բողոքի ցոյց մը կատարեցին` զօրակցելով «Սեւամորթներու կեանքերը արժէք ունին» արշաւին, ինչ որ շուէտական կառավարութիւնը մղեց իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղելու, որ իրենց բողոքի ցոյցերը առցանց կատարեն: Շուէտի ներքին գործոց նախարար Միքայիլ Տամպրժ յայտնեց, որ ցոյց կատարելը ժողովրդավարական իրաւունք է` նշելով, որ պէտք է յարգել առողջապահական...

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդիմադիր Երեք Երեսփոխաններ  Զրկուած Են Անձեռնմխելիութենէ Եւ Ձերբակալուած

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդիմադիր Երեք Երեսփոխաններ Զրկուած Են Անձեռնմխելիութենէ Եւ Ձերբակալուած

Թուրքիոյ գերագոյն դատարանին որոշումով` երկրի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք երեսփոխաններ զրկուած են անձեռնմխելիութենէ եւ ձերբակալուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը: Ձերբակալուած երեսփոխաններն են` Էնիս Պերպերօղլուն` Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Լէյլա Կիւվենն ու Մուսա Ֆարիսօղլուն` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն: Ֆարիսօղլու իր թուիթըրեան էջին վրայ կը տեղեկացնէ, որ զինք ձերբակալած են Տիգրանակերտ-Ուրֆա ինքնաշարժի ճամբուն վրայ: «Երբ ես Տիարպեքիրէն կը...

Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Կը Յայտարարեն,  Որ Երկրին Մէջ «Քորոնա»-ի Համաճարակը  Առած Են Վերահսկողութեան Տակ

Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Կը Յայտարարեն, Որ Երկրին Մէջ «Քորոնա»-ի Համաճարակը Առած Են Վերահսկողութեան Տակ

Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ երկրին տարածքին «Քորոնա» ժահրի համաճարակը առած են վերահսկողութեան տակ: Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած էր, որ երկրին մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 767-ով եւ հասած 152444-ի, իսկ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 44-ով եւ հասած 29065-ի: Նախարարութիւնը նշեց, որ դարմանումի համար հիւանդանոց փոխադրուած...

Ցուցարարները Նոր Պահանջներ Կը Ներկայացնեն. Թրամփ Կը Հրաժարի Այս Հարցին Մէջ Բանակը Օգտագործելու Գաղափարէն

Ցուցարարները Նոր Պահանջներ Կը Ներկայացնեն. Թրամփ Կը Հրաժարի Այս Հարցին Մէջ Բանակը Օգտագործելու Գաղափարէն

Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի միջեւ գումարուած ժողովէն ետք յաւելեալ ապահովական ուժեր տեղակայուեցան Սպիտակ տան մօտ: «Մայատին»¬ի Ուաշինկթընի լրագրողը յայտնեց, թէ սպիտակամորթ ցուցարարներուն թիւը կը գերազանցէ սեւամորթներունը: Ան նաեւ նշեց, որ ցուցարարները նոր պահանջ ներկայացուցած են` կոչ ուղղելով ոստիկաններուն` վերապատրաստուելու: Մինչ այդ, Ծերակոյտը որդեգրեց նոր օրէնք մը` «Քորոնա» ժահրէն վնասուածներուն օժանդակելու համար:...

Մինչ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին.  Հաֆթար Կ՛այցելէ Գահիրէ, Իսկ Սարաժ` Անգարա

Մինչ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին. Հաֆթար Կ՛այցելէ Գահիրէ, Իսկ Սարաժ` Անգարա

Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար երէկ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ` ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն հետ բախումներու մագլցումի լոյսին տակ Լիպիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ համակարգում եւ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար: Զինուորական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Մայատին»¬ին յայտնած է, թէ քննարկումի գլխաւոր թղթածրարը թրքական զինուորական միջամտութիւններն են: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Հաֆթար եգիպտացիներուն հետ պիտի խորհրդակցի լիպիական...

Ազրպէյճանի Սահմանապահ Ծառայութիւնը Զգուշացուցած Է Վրաստանը` Համարժէք Պատասխան Տալ Դաւիթ Գարեջիի Համալիրի Դէմ «Սադրանքներուն»

Ազրպէյճանի Սահմանապահ Ծառայութիւնը Զգուշացուցած Է Վրաստանը` Համարժէք Պատասխան Տալ Դաւիթ Գարեջիի Համալիրի Դէմ «Սադրանքներուն»

Ազրպէյճանի պետական սահմանի ծառայութիւնը երէկ յայտնած է Վրաստանի քաղաքացիներուն կողմէ «Քեշիքչիտաղ» արգելոցի (վրացական Դաւիթ Գարեջիի համալիրի) տարածքին մէջ «սադրիչ» գործողութիւններ կատարելու մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը: Ազրպէյճանական կողմը այս մասին յայտնած է Վրաստանի պետական սահմանային ոստիկանութեան: Ազրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութիւնը յայտարարած է, թէ պետական սահմանին վրայ որեւէ սարդանք վճռականօրէն պիտի ճնշուի, եւ սադրանքներու կազմակերպիչները պատասխանատուութիւնը...

Չինաստանի Մէջ Նախակրթարանի  Աշակերտներուն Վրայ Դանակով Յարձակումի Պատճառով` 40 Վիրաւորներ

Չինաստանի Մէջ Նախակրթարանի Աշակերտներուն Վրայ Դանակով Յարձակումի Պատճառով` 40 Վիրաւորներ

Չինաստանի հարաւային Կուանսի Ժոունի ինքնավար շրջանին մէջ տղամարդ մը դանակով յարձակած է նախակրթարանի աշակերտներուն եւ աշխատակիցներու վրայ, որուն իբրեւ հետեւանք առնուազն քառասուն մարդ վիրաւորուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Յարձակումը տեղի ունեցած է երէկ` քաղաքի նախակրթական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Միջադէպին իբրեւ հետեւանք դպրոցի տնօրէնը, անվտանգութեան ծառայողը եւ աշակերտ մը կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ: Յարձակումին հեղինակը...

Անտեսելով «Քորոնա» Ժահրէն Մահուան Պարագաներու Մրցանշային Թիւը` Պրազիլ Սահմանափակումներու Դրութիւնը Մեղմացնելու Ուղիով Կ՛ընթանայ

Անտեսելով «Քորոնա» Ժահրէն Մահուան Պարագաներու Մրցանշային Թիւը` Պրազիլ Սահմանափակումներու Դրութիւնը Մեղմացնելու Ուղիով Կ՛ընթանայ

Պրազիլի առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, երկրին մէջ երկրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրէն մահուան պարագաներու թիւի մրցանշային աճ արձանագրուած է, բայց եւ այնպէս քաղաքային եւ պետական իշխանութիւնները սահմանափակումներու դրութիւնը մեղմացնելու ուղիով կ՛ընթանան: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Բրիտանական օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ Պրազիլի մէջ չորեքշաբթի օր արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն մահուան 1349 պարագայ, բացայայտուած է յաւելեալ 28.633 վարակակիր:...

Ժիրինովսքի Ռուսիոյ Պիւտճէն Լեցնելու Համար Առաջարկած Է Վաճառել Լենինի Աճիւնը

Ժիրինովսքի Ռուսիոյ Պիւտճէն Լեցնելու Համար Առաջարկած Է Վաճառել Լենինի Աճիւնը

Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի առաջարկած է վաճառքի հանել Մոսկուայի դամբարանին մէջ պահուող Վլատիմիր Իլիչ Ուլիանովի (Լենին) աճիւնը: Քաղաքական գործիչին կարծիքով` Լենինի աճիւնի վաճառքը լաւ եկամուտ պիտի բերէ երկրի պիւտճէին: Ժիրինովսքիի համոզումով` Լենինի աճիւնը կրնան գնել համայնավարները, օրինակ` Չինաստանէն: «Ֆրանսայի մէջ գործարար մը կ՛ուզէ վաճառել «Մոնա Լիզա»-ն: Մենք կրնանք վաճառել Լենինի մոմիան: Գնորդներ կը գտնուին: Չինաստանը, Վիեթնամը կամ համայնավար...

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Փոխեց Լիպիոյ Մէջ  Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը»

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Փոխեց Լիպիոյ Մէջ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց. «Թուրքիան փոխեց Լիպիոյ մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, եւ եթէ ան չըլլար, տագնապը փողոցներու կռիւի պիտի վերածուէր»: «Եգիպտոսը, Ֆրանսան ու դրացի երկիրներէ վարձկանները կ՛աջակցին Հաֆթարին, սակայն Ապու Տապին է այն կողմը, որ անոր ֆինանսաւորումով եւ զէնքի մատակարարումով կ՛աջակցի», ըսաւ ան:

Թրամփ Ինքն Իրեն Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ.  Փենթակոն Շուրջ 1600 Զինուոր Տեղակայած Է  Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ

Թրամփ Ինքն Իրեն Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ. Փենթակոն Շուրջ 1600 Զինուոր Տեղակայած Է Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 1600 զինուոր տեղափոխուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մօտ, ուր ծագումով ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան պատճառով տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը հաղորդէ` յղում կատարելով Փենթակոնի բանբեր Ճանըսըն Հոֆմընին: «Ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորները տեղափոխուած են մայրաքաղաքի շրջանի ռազմակայաններ եւ ոչ թէ ինքնին Ուաշինկթըն», յայտնած է ան: Հոֆմըն նաեւ ընդգծած է, որ զինուորական ուժերը «բարձր...

Մոնթենեկրոն Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ  Երկրին Մէջ «Քորոնա» Ժահրի  Համաճարակի Աւարտին Մասին

Մոնթենեկրոն Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ Երկրին Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Աւարտին Մասին

Մոնթենեկրոյի իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարած են երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի աւարտին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը` յղում կատարելով Մոնթենեկրոյի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան: «Մոնթենեկրոյի մէջ յայտարարուած է «ՔՈՎԻՏ-19» համաճարակի աւարտին մասին: Ատիկա ամբողջ համակարգի եւ մեր քաղաքացիներու բազմամսեայ ջանքերուն արդիւնքն է», ընդգծած է կառավարութիւնը: Իշխանութիւնները կը նշեն, որ կը ջնջեն որոշ սահմանափակումներ, սակայն այլ երկիրներէ ժահրի ներածումը կանխարգիլելու ուղղուած...

Իսրայէլ Գերճշգրիտ Թեւաւոր  Հրթիռի Յաջող Փորձ Կատարած Է

Իսրայէլ Գերճշգրիտ Թեւաւոր Հրթիռի Յաջող Փորձ Կատարած Է

«Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ» պաշտպանական ընկերութիւնը 2 յունիսին հրապարակած է տեսանիւթ մը, որ ցոյց կու տայ նորագոյն հականաւային թեւաւոր հրթիռ մը: Անիկա կրնայ թիրախներ հարուածել թէ՛ մօտ, թէ՛ ալ հեռու հեռաւորութեան վրայ: Իսրայէլեան ռազմական ընկերութեան նոր արտադրութիւնը կ՛առանձնանայ թիրախները խոցելու գերբարձր ճշգրտութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը: «Իզրայէլ Էրոսփէյս Ինտասթրիզ»-ը յաջող կերպով փորձարկած է գերճշգրիտ հրթիռը, որ կրնայ հարուածել...

Page 455 of 884 1 … 454 455 456 … 884

Արխիւներ