Վրաստանի պետական անվտանգութեան վարչութիւնը յայտարարած է, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի մարդոց խումբ մը, որ ազգութեամբ վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ թշնամանք կը սերմանէ: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Քվիրա» կայքը:
«Համաձայն պետական անվտանգութեան վարչութեան ունեցած գործնական տեղեկատուութեան, Վրաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ Քուեմօ Քարթլի եւ Քախեթի մարզերուն մէջ կը փորձէ թշնամանք սերմանել ազգութեամբ վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ», նշուած է վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Այս մարդիկը հայրենասիրութեան քողի տակ կը խեղաթիւրեն շրջաններու խնդիրները եւ ճեղք կը յառաջացնեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ, ինչ որ շատ վտանգաւոր է վրացական բնակչութեան համար, որ կ՛ապրի ազրպէյճանցիներով խիտ բնակուած մարզերու մէջ: Այս անձերը կ՛օգտագործեն պետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող հարցերը` երկու ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւն սերմանելու համար», յայտարարած են վարչութենէն:
Վարչութիւնը նաեւ հաղորդած է, որ կը զբաղի ազգային խտրականութեան դէմ պայքարով եւ կը հետաքննէ այս գործը: