Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ Հազարաւոր Զինուորներու Տեղակայումը Կը Յայտարարէ. Պայտըն Զինք Կ՛ամբաստանէ Բանակը Ամերիկացիներուն Դէմ Օգտագործելու Յանցանքով

Յունիս 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի Մաքինի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ յաւելեալ «դաշնակցային ուժեր» պիտի տեղակայուին ամբողջ երկրի տարածքին` կատաղի բողոքի ցոյցերու ժամանակ իրաւապահ մարմիններուն աջակցելու համար:

«Չեմ ուզեր յառաջ անցնիլ այն գործողութիւններէն, որոնց մասին պիտի յայտարարուի, սակայն կրնամ ըսել, թէ յաւելեալ դաշնակցային ուժեր պիտի տեղակայուին, ինչպէս նաեւ կեդրոնական հրամանատարական կեդրոն պիտի ստեղծուի տեղական կառավարութիւններուն հետ», ըսաւ բանբերը:

Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան «Ռոզ Կարտըն»-ի մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս անդրադարձաւ սպիտակամորթ ոստիկանի մը կողմէ սեւամորթ անզէն քաղաքացիի մը սպանութեան պատճառով երկրին տարածքին քանի մը օրէ ի վեր տեղի ունեցող անկարգութիւններուն:

Թրամփ «Ուաշինկթընի մէջ լաւապէս զինուած հազարաւոր զինուորներու եւ ոստիկաններու» տեղակայումը յայտարարեց` երկրին մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւնները, խափանարարութիւններն ու թալանը որակելով « ամբողջովին ամօթալի»:

Ան յայտնեց, որ նահանգապետերէն պահանջած է հարկ եղածը ընել «փողոցը վերահսկողութեան տակ առնելու համար»: Թրամփ դատապարտեց «ներքին ահաբեկչութեան» արարքները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն ընկերային ցանցի ճամբով յայտարարութեան մը մէջ Թրամփը ամբաստանեց «բանակը ամերիկացիներուն դէմ օգտագործելու» յանցանքով` աւելցնելով, որ ան «խաղաղ ցուցարարներուն վրայ արցունքաբեր կազ կ՛արձակէ, անոնց վրայ ռետինէ փամփուշտ կը նետէ լուսանկարի մը համար»:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի եւ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումը միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեցին. «Ամերիկացիները ցոյց կը կատարեն վերջ տալու համար անիրաւութեան ու վայրագութեան»:

«Այն պահուն, երբ մեր երկիրը միասնականութեան կը ձգտի, նախագահ Տանըլտ Թրամփ զայն կը պառակտէ», նշեցին անոնք` աւելցնելով. «Այս դժուար պահուն Միացեալ Նահանգներ իսկական ղեկավարութեան պէտք ունին»:

«Թրամփ կը շարունակէ սադրանք, կոյր ծայրայեղականութիւն ու բռնարարքներ հրահրել, ինչ որ վախկոտութիւն, տկարութիւն է եւ` շատ վտանգաւոր», յայտնեցին անոնք:

Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլիըթ Էնկըլ իր կարգին նշեց. «Թրամփ ցուցարարները ահաբեկիչներ որակեց եւ քաղաքացիներուն սպառնաց բանակով: Անոր խօսքերն ու արարքները յաւելեալ բռնարարքներ կը հրահրեն եւ ցոյց կու տան, որ կազմակերպ ցեղապաշտութեան հարցի լուծման մէջ շահ չունի: Քաղաքացիները կը պոռան, որպէսզի իրենց ձայնը լսէ, եւ ուժերու տեղակայման մասին անոր խօսքը կը նշանակէ, թէ ան անոնց մտիկ չ՛ըներ»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տասնեակ քաղաքացիներ մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած բողոքի ցոյցին:

Ցոյցը կազմակերպուած է ֆրանսական հակացեղապաշտական շարժումին կողմէ` յաջակցութիւն Մինիափոլիսի մէջ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու մէջ ցոյց կատարող քաղաքացիներուն:

 

 

 

Նախորդը

Լիպիական Հակամարտութեան Կողմերը Համաձայնած Են Վերսկսիլ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

Մատուրօ Մօտ Օրէն Պիտի Այցելէ Իրան

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?