Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Պաշտօնին Ճոն Ռեթքլիֆի Թեկնածութեան

Յունիս 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծերակոյտը հաւանութիւն տուած է թեկնածութեան Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութենէն ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճոն Ռեթքլիֆի, որ առաջադրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

Ծերակուտականներու որոշումը կը նկատուի իբրեւ յաղթանակը Թրամփի, որ արդէն երկրորդ անգամ վարչական բարձր պաշտօնի կ՛առաջադրէ Ռեթքլիֆը, որ ունի պահպանողական հայեացքներ:

Ծերակուտականները անոր թեկնածութեան թեր քուէարկած են 49 ձայնով: Դէմ քուէարկած են 44 ծերակուտականներ: Դեմոկրատականները անոր թեկնածութեան կոշտ դիմադրութիւն ցուցաբերած են:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Ռեթքլիֆ պաշտօնը պիտի ստանձնէ անվտանգութեան սպառնալիքներու լայն միջավայրի պայմաններու մէջ, ներառեալ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, Չինաստանի հետ սուր մրցակցութիւնը եւ այն սպասումները, որ Ռուսիան պիտի փորձէ միջամտել Միացեալ Նահանգներու 2020-ի նախագահական ընտրութեան:

Անցեալ տարուան յուլիսին Թրամփ առաջին անգամ յայտարարած էր, որ Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնին վրայ կ՛ուզէ տեսնել Ռեթքլիֆը: Բայց եւ այնպէս, անոր թեկնածութիւնը վերցուած էր հինգ օր ետք, երբ դեմոկրատականներն ու հանրապետականները կասկածի տակ առած էին անոր որակաւորումը, բացի ատկէ, ան իր կենսագրական գիծերուն մէջ ստած էր` ուռճացնելով իր դերը ահաբեկիչներու դատական հետապնդման մէջ` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու փաստաբան:

Ռեթքլիֆ Քոնկրեսի ստորին պալատ` Ներկայացուցիչներու տան մէջ հետախուզական յանձնախումբի ամէնէն կրտսեր անդամն էր, երբ Թրամփ առաջին անգամ առաջադրեց անոր թեկնածութիւնը:

Նախորդը

Կրտսեր Ալիեւի Հերթական Յոխորտանքները Եւ Փաշինեանի Դրսեւորած Անորոշութիւնները

Յաջորդը

Ի Պատասխան Ս. Սոֆիայի Մէջ Ղուրանի Ընթերցման` Յունաստանի Մէջ Մզկիթի Վրայ Կախուած Է Յունական Դրօշ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?