Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Փաշինեաններ Եւ Զելենսքիներ Չունինք, Պիելոռուսիոյ Մէջ Մայտան Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Յունիս 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ երկրի պետական անվտանգութեան կոմիտէի նախագահ Վալերի Վաքուլչիքի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է, որ Պիելոռուսիոյ մէջ մայտաններ պիտի չըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ պիելոռուսական «Պելթա» կայքը:

«Պետական անվտանգութիւնը հիմքերու հիմքն է: Եւ Պետական անվտանգութեան կոմիտէին այդ ոլորտի մէջ նախագահին հետ միասին յառաջատար դեր վերապահուած է` պաշտպանելու մեր պետութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Մենք ամբողջովին տեղեակ ենք այն նպատակներէն, որոնք ունին այստեղի որոշ քամի փչողներ: Այդ նպատակները մեզի յստակ են. նախագահական ընտրութեան նախաշեմին կամ ընտրութեան օրը մեր մօտ մայտան սարքել: Անոնք այդպէս ծրագրած են: Կ՛ուզեմ այս հանդիպումին ձեզ զգուշացնել եւ բոլոր անոնց, որոնք կը լսեն, բոլոր այդ «մայտանացուածներու» զգուշացնել, որ Պիելոռուսիոյ մէջ մայտաններ պիտի չըլլան», յայտարարած է Լուքաշենքօ:

Պիելոռուսիոյ նախագահը կոչ ուղղած է` զուգահեռներ չկատարելու եւ չհամեմատելու Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցողը Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ մինչ այդ տեղի ունեցած որոշ իրադարձութիւններու հետ:

«Պէտք չէ մեզի համեմատել այնպէս, ինչպէս վերջերս դրացի երկրի թերթը կատարած էր` գրելով, թէ իբրեւ թէ մեր մօտ նոր փաշինեաններ ու նոր զելենսքիներ յայտնուած են, եւ որ մեր մօտ իրավիճակը գրեթէ նոյնն է, ինչ Հայաստանի կամ Ուքրանիոյ մէջ: Իրավիճակը տարբեր ձեւով կրնայ զարգանալ: Միայն թէ մենք փաշինեաններ եւ զելենսքիներ չունինք: Ինչպէս ալ տեղի ունեցած ըլլան Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւնները, անոնք երկուքն ալ` թէ՛ Փաշինեանը, թէ՛ Զելենսքին, տաղանդաւոր մարդիկ են: Ես անոնց հետ արդէն մօտիկէն ծանօթացած եմ: Անոնք անխօս տաղանդաւոր մարդիկ են եւ որ գլխաւորն է` իրենց երկիրներու հայրենասէրներն են: Անոնք նուիրուած են իրենց երկիրներուն», ըսած է Լուքաշենքօ:

«Իսկ մերիններէն ոմանք մանրադրամներով կ՛ուզեն ծախել այն ամէնը, ինչ այստեղ ստեղծուած է ո՛չ միայն նախագահ Լուքաշենքոյի, ո՛չ միայն իշխանութեան կողմէ: Ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած է: Ատոր համար ալ ատիկա կարելի չէ արտօնել: Անգամ մը եւս կ՛ընդգծեմ, «մայտանացուածներուն» կ՛ըսեմ, որ մենք երբեք պիտի չարտօնենք մեր երկրին մէջ կացութիւնը ապակայունացնել», յայտարարած է նախագահը:

Պիելոռուսիոյ ղեկավարը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ այն փաստին վրայ, որ ոչ ոք մարդոց կը խանգարէ արտայայտել իրենց կարծիքը, սակայն պէտք է մնալ նաեւ օրէնքի շրջանակին մէջ:

«Մենք ոչ ոքի բերանը պիտի փակենք: Խնդրեմ, Մինսքի եւ բոլոր քաղաքներուն մէջ յատուկ կէտեր կան, ուր կարելի է քննարկումներ կատարել: Եթէ չեմ սխալիր` Մինսքի մէջ այդ կէտերը վեցն են: Մեր գործը վերահսկողութիւնն է, որպէսզի սահմաններէն դուրս չգան: Վեց կէտ կայ Մինսքի մէջ, գնայ, բանավէճներ կատարէ: Սակայն արտաքին գործոց նախարարութեան կոմիտէն ոստիկանութեան հետ համագործակցաբար ոչ մէկ պարագայի պէտք է արտօնութիւն տայ, որ օրէնքի խախտումներ ըլլան», ընդգծած է Պիելոռուսիոյ նախագահը:

Լուքաշենքօ յայտարարած է նաեւ, որ Պիելոռուսիոյ համար քանի մը «համաճարակներ» կան: Ըստ Պիելոռուսիոյ նախագահին, առողջական համաճարակէն բացի կան նաեւ ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքական համաճարակ, տնտեսական համաճարակ եւ շարք մը այլ համաճարակներ, որոնք կը պտտին իրենց շուրջ, սակայն տակաւին չեն համարձակիր իրենց քիթը մտցնել Պիելոռուսիա:

 

Նախորդը

Նորվեկիան Յայտարարած Է, Թէ Երկրին Մէջ Առողջապահական Մեկուսացումի Դրութիւն Հաստատելը Անիմաստ Էր

Յաջորդը

Յունաստան Դատապարտած Է Ս. Սոֆիայի Մէջ Քորանի Ընթերցումը

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?