Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իրանի Դեսպանը Կանչած Է Վար Առնուած Օդանաւի Սեւ Տուփերուն Շուրջ Որոշումին Պատճառով

June 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Իրանի դեսպան Մանուչեխրա Մորատին` խօսելու համար Թեհրանի օդակայանին մօտ իրանեան հրթիռով վար առնուած «Փի.Էս.-752» թռիչքին շուրջ «հետաքննութեան վնաս հասցնելու Իրանի նոր փորձերուն» շուրջ:

Ըստ ուքրանացի դիւանագէտներու պնդումներուն, Իրան ջանքեր կը գործադրէ խնդիրներ ստեղծելու համար պետութիւններու միջեւ, որոնց քաղաքացիները մահացած էին այդ արկածին պատճառով:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ այդպիսի գործիքներէն մէկը կը նկատեն` Թեհրանի «սեւ տուփերը» տրամադրել մերժելու շուրջ յայտարարութիւնը:

«Այժմ մենք միւս վնասուած պետութիւններուն հետ կը միաւորենք Իրանի վրայ ճնշում գործադրելու ջանքերը: Ատիկա Իրանին հաճելի չէ, ան կը փորձէ պառակտում մտցնել մեր եւ գործընկերներուն միջեւ, մասնաւորաբար, շանթաժի ենթարկելով սեւ տուփերը տրամադրելու հարցին մէջ», ըսած է զրուցակիցը եւ աւելցուցած, որ Իրան պէտք է անյապաղ ապահովէ տուփերու պատշաճ վերծանումը, որ աղէտի օրէն ի վեր` հինգ ամսուան ընթացքին տակաւին տեղի չէ ունեցած:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն նաեւ յայտնած են, որ հակառակ Իրանի հակասական յայտարարութիւններուն, «պիտի չմասնակցին առանձին բանակցութիւններու», եւ ամէն ինչ պիտի ընեն պահպանելու համար դաշինքը պետութիւններու, որոնք կը ձգտին հասնիլ աղէտի արդար հետաքննութեան:

Հակառակ անոր որ Իրանի դեսպանը կանչած են արտաքին գործոց նախարարութիւն նախքան սեւ տուփերը տալը մերժելու մասին Թեհրանի յայտարարութիւններուն իրանեան լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակումը` ատոնք եւս պիտի քննարկուին:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է Իրանի դեսպանը, որուն հետ կը նախատեսուի ծանր զրոյց: Չի բացառուիր, որ տեղեկատուութեան այդ արտահոսքը առնչուած է ինքնին այդ իրադարձութեան հետ», մանրամասնած է ուքրանացի պաշտօնատար մը:

Յիշեցնենք, որ 8 յունուարին Թեհրանի մէջ ջախջախուած էր «Պոյինկ 737» ճամբորդատար օդանաւը, որ պատկանած է Ուքրանական օդանաւային ընկերութեան: Օդանաւին մէջ գտնուած են 167 ճամբորդներ եւ անձնակազմի 9 անդամներ, ներառեալ 30 օտարերկրացիներ եւ Ուքրանիոյ 11 քաղաքացիներ:

Իրան ամբողջովին ընդունած է օդանաւի վար առնուելուն համար իր մեղքը` տեղի ունեցածը նկատելով մարդկային սխալի հետեւանք:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Այս Ընթացքը Կրնայ Պատճառ Դառնալ Համընդհանուր Աղէտի Եւ Անդառնալի Կորուստներու»

Յաջորդը

Երկրագունդին Կը Մօտենայ Ֆութպոլի Դաշտի Չափ Ունեցող Երկնաքար Մը

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.