Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժաաֆարի Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Պետութիւնները Կ՛ամբաստանէ` Սուրիոյ Մէջ Պատերազմական Ոճիրներ Գործելու Յանցանքով

Յունիս 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղեց բողոք-նամակ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները ամբաստանեց Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու յանցանքով:

Ան յայտնեց, որ ամերիկեան, բրիտանական, ֆրանսական, թրքական եւ իսրայէլեան կառավարութիւնները ահաբեկչական զինեալներն ու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ֆինանսաւորելով ու զինելով գործակատարներու ճամբով պատերազմ մղելու հանգրուանէն անցած են զինուորական ուղղակի նախայարձակման ու բռնագրաւումի` ուղղակի պատերազմի:

Ժաաֆարի իր նամակին մէջ յայտնեց, որ մայիս ամսուան կէսերուն, երբ ցորենի եւ գարիի ցանքերը հնձելու ժամանակն էր «ամերիկեան եւ թրքական բռնագրաւման ուժերը» հրկիզած են Սուրիոյ Ժէզիրէ շրջանին բերքերը, ինչ որ տնտեսական նոր ահաբեկչութիւն մըն է, որ համազօր է սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած պատերազմական ոճիրի:

Ան դիտել տուաւ, որ այդ ոճիրին նպատակը ոչ միայն սուրիական տնտեսութիւնը հարուածելն է, այլ սուրիացի հողագործները ուղղակի կերպով շանթաժի ենթարկելը, ահաբեկելը, աղքատացնելն ու տեղահանելը, ինչպէս նաեւ զանոնք ստիպել, որ իրենց բերքը ծախեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ու անջատողական միլիսներուն եւ զանոնք մաքսանենգել դէպի թրքական հողեր:

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպանը նաեւ նշեց, որ բերքերը հրկիզելու կողքին «թրքական բռնագրաւումի ուժերն ու անոնց վարձկանները» գողցած են բերքերը: Թրքամէտ ահաբեկչական խմբաւորումները 26 մայիսին բերքահաւաքի մեքենաներ բերած են Հասաքէի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ բռնագրաւեալ Ռասուլ Այնի շրջան եւ գողցած հողագործներուն բերքը եւ զայն մաքսանենգած դէպի թրքական հողեր:

Ժաաֆարի նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այն, որ, հակառակ ՄԱԿ-ի, ներառեալ անոր ընդհանուր քարտուղարին եւ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ հաստատուած տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցները չեղարկելու կոչերուն, ամերիկեան կառավարութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը քանի մը օր առաջ հրապարակած են այդ պատժամիջոցները խստացնելու երկու որոշումներ:

 

Նախորդը

«Քորոնա»-ի Պատճառով Խիստ Սահմանափակումներ Չկիրարկած Շուէտի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակը Բարձրացած Է

Յաջորդը

Լիպիական Հակամարտութեան Կողմերը Համաձայնած Են Վերսկսիլ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւններուն

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?