Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Իսրայէլ Եւ Սէուտական Արաբիա Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարեն Աքսայի Համալիրին Մէջ Թրքական Ներկայութիւնը Սանձելու Համար

June 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» («Իսրայէլը այսօր», «Ա.») օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր ամերիկեան միջնորդութեամբ կը բանակցին Երուսաղէմի մէջ Աքսայի համալիրի Իսլամական վաքըֆի խորհուրդին մէջ սէուտցի ներկայացուցիչներ ներառելու շուրջ:

Սէուտցի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնած է, որ վաքըֆի ղեկավարման մէջ բացարձակ կարգավիճակ ունեցող Յորդանանը հազիւ քանի մը ամիս առաջ կտրուկ կերպով կը մերժէր վաքըֆի խորհուրդին մէջ որեւէ փոփոխութիւն, սակայն արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, մասնաւորաբար Աքսայի համալիրին մէջ թրքական աշխուժ միջամտութիւններուն լոյսին տակ իր դիրքորոշումը փոխած է:

Իսրայէլեան օրաթերթը կը հաղորդէ, որ վաքըֆի խորհուրդին մաս կազմած պաղեստինցի պաշտօնատարները թրքական կառավարութեան արտօնած են սրբազան վայրին մէջ ներկայութիւն դառնալ` իսլամական-թրքական ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւններու տասնեակ միլիոններով տոլարներ փոխանցելու ճամբով ծրագիրներ ֆինանսաւորելով: Գումարները վաւերացուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:

Իբրեւ հետեւանք, յորդանանցիները Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն յայտնած են, որ Հաշեմական թագաւորութիւնը այժմ պատրաստ է Վաքըֆին մէջ սէուտցիներու ներառման նկատմամբ իր կեցուածքը մեղմացնելու, պայմանով, որ Յորդանան պահէ Աքսայի համալիրին վրայ իր բացարձակ վերահսկողութիւնը, անիկա միլիոնաւոր տոլարներու նուիրատուութիւններ կատարէ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսլամական ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ անիկա նաեւ դիւանագիտական ճնշում բանեցնէ պաղեստինեան հոգատարութեան տակ գործող թրքական իսլամական կազմակերպութիւնները վտարելու համար:

Բարձրաստիճան արաբ դիւանագէտ մը «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնած է, որ եթէ յորդանանցիները թուրքերուն արտօնեն Աքսայի համալիրին մէջ անարգել գործել, քանի մը տարիէն իսլամական սրբազան վայրերուն պատասխանատուն ըլլալու իրենց կարգավիճակը միայն «թուղթի վրայ» պիտի մնայ:

Ան աւելցուցած է, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ եւս շահագրգռուած են, որովհետեւ կ՛ուզեն Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան նախաձեռնութեան եւ իսրայէլեան բռնակցման ծրագիրին սէուտական աջակցութիւն ապահովել, որովհետեւ ատիկա կրնայ նաեւ Պահրէյնէն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն զօրակցութիւն ապահովել:

 

Նախորդը

Թուրքիան Ռուսիայէն Շուրջ Մէկ Միլիառ Տոլարի Զէնք Պատուիրած Է

Յաջորդը

Իսրայէլ Գերճշգրիտ Թեւաւոր Հրթիռի Յաջող Փորձ Կատարած Է

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.