Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին. Հաֆթար Կ՛այցելէ Գահիրէ, Իսկ Սարաժ` Անգարա

June 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար երէկ այցելեց Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ` ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն հետ բախումներու մագլցումի լոյսին տակ Լիպիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ համակարգում եւ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:

Զինուորական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Մայատին»¬ին յայտնած է, թէ քննարկումի գլխաւոր թղթածրարը թրքական զինուորական միջամտութիւններն են:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Հաֆթար եգիպտացիներուն հետ պիտի խորհրդակցի լիպիական կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու շարունակման շուրջ, եւ ան ամբողջովին պատրաստակամ է երկխօսութիւն կատարելու պայմանով, որ արտաքին միջամտութիւնները դադրին:

Մինչ այդ` համաձայնական կառավարութեան ուժերը յայտարարեցին, թէ վերատիրացած են մայրաքաղաք Թրիփոլիի միջազգային օդակայանին եւ Հաֆթարի ուժերը հեռացուցած մայրաքաղաքէն: Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Թրիփոլիի հարաւը գտնուող Այն Զարա եւ Ուատիլ Ռապիհ շրջանները:

Միւս կողմէ, ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժ այցելեց Անգարա` քննարկելու համար Լիպիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծման կարելիութիւնները:

«Թուրքիոյ լիպիական կառավարութեան աջակցութիւնը պիտի աւելնայ ու շարունակուի», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ Սարաժի հետ համաձայնած է Լիպիոյ ծովափին մօտ քարիւղի որոնման աշխատանք կատարել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց, որ Լիպիոյ հարցով Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ միջեւ գոյութիւն ունի մեծ մերձեցում մը` այն իմաստով, որ այդ երկրին ապագան պէտք չէ ենթակայ ըլլայ արտաքին ուժերու շահագործման:

Լը Տրիան իտալացի իր պաշտօնակից Լուիճի Տի Մայոյի հետ հանդիպումէն ետք նշեց. «Լիպիոյ ապագան պէտք է լիպիացիները ճշդեն, մենք վճռական ենք գործադրութեան այն յանձնառութիւններուն, զորս ստանձնեցինք Պերլինի ժողովին ընթացքին»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ հարկ է վերջ տալ «օտար ներթափանցումներուն եւ զէնքերու հոսքին, որոնք գետնի վրայ տարածուած տարբեր խմբաւորումներու գործընկերներուն կողմէ են»:

«Նոյն ուղիով կ՛ընթանանք, ինչ որ Միջերկրական ծովու շրջանի անվտանգութեան համար շատ կարեւոր է, եւ պէտք է այս հոլովոյթը շարունակուի», նշեց Լը Տրիան` աւելցնելով, որ իրենք շատ վճռակամ ենք` «եւ պիտի շարունակենք այդ վճռակամութեամբ գործել»:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Սահմանապահ Ծառայութիւնը Զգուշացուցած Է Վրաստանը` Համարժէք Պատասխան Տալ Դաւիթ Գարեջիի Համալիրի Դէմ «Սադրանքներուն»

Յաջորդը

Ցուցարարները Նոր Պահանջներ Կը Ներկայացնեն. Թրամփ Կը Հրաժարի Այս Հարցին Մէջ Բանակը Օգտագործելու Գաղափարէն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.