«Զինեալ Ուժերուն Մէկ Մասը Տակաւին Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Բանբերը
Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն մէկ մասը տակաւին Ուաշինկթընի շրջանին մէջ է եւ ռազմակայան պիտի վերադառնայ, երբ իրավիճակը ատիկա արտօնէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Փենթակոնի բանբերը:
«Նախարարութիւնը որոշում տուած է մայրաքաղաքի շրջանէն դուրս բերել զինեալ ուժերու որոշ ստորաբաժանումներ եւ զանոնք վերադարձնել ռազմակայան: Զինուորական հրամանատարութիւնը մշտապէս կը հետեւի փոփոխական իրավիճակին: Միւս զինուորներուն վերադարձը տեղի պիտի ունենայ մեկնելով կացութենէն», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, թէ 82-րդ անկարգելաւորներու զօրամասի զինուորները վերադարձած են Հիւսիսային Քարոլայնա:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի ծրագրեր մասնակցիլ Մինիափոլիսի մէջ ոստիկանի կողմէ սպաննուած Ճորճ Ֆլոյտի հրաժեշտի արարողութեան:
Կը հաղորդուի, որ Ֆլոյտի յիշատակին տեղի պիտի ունենան քանի մը արարողութիւններ: Հինգշաբթի օր անոնք տեղի ունեցած են Մինիափոլիսի եւ Նիւ Եորքի մէջ, իսկ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգին Ռայֆըրտ քաղաքին մէջ, երկուշաբթի` Թեքսասի մայրաքաղաք Հիուսթընի մէջ: