Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտեսելով «Քորոնա» Ժահրէն Մահուան Պարագաներու Մրցանշային Թիւը` Պրազիլ Սահմանափակումներու Դրութիւնը Մեղմացնելու Ուղիով Կ՛ընթանայ

June 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, երկրին մէջ երկրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրէն մահուան պարագաներու թիւի մրցանշային աճ արձանագրուած է, բայց եւ այնպէս քաղաքային եւ պետական իշխանութիւնները սահմանափակումներու դրութիւնը մեղմացնելու ուղիով կ՛ընթանան: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:

Բրիտանական օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ Պրազիլի մէջ չորեքշաբթի օր արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրէն մահուան 1349 պարագայ, բացայայտուած է յաւելեալ 28.633 վարակակիր: Համաճարակի սկիզբէն ի վեր երկրին մէջ արձանագրուած է վարակումի 584.016 եւ մահուան 32.548 պարագայ: Հիւանդութենէն ապաքինած է 266.132 մարդ:

Երկրի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն, իր կարգին, պարբերաբար խօսած է ժահրի սպառնալիքjh մասին` նշելով, որ մահը «բոլորի ճակատագիրն է»:

Միւս կողմէ` «Ի. էյ. Տէյլը» կայքը կը հաղորդէ, որ Միլանի, Հռոմի եւ Նափոլիի օդակայանները մեկուսացման դրութենէն ետք վերականգնած են միջազգային թռիչքները, որոնց ընթացքին ճամբորդները պէտք է պարտադիր դիմակներ կրեն եւ պահեն ընկերային հեռաւորութիւն:

Գերմանիան եւս կը բանայ իր սահմանները, սակայն երկրի արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաաս կը զգուշացնէ, որ թռիչքներու արտօնութիւնը բնաւ ալ պէտք չէ ընկալուի իբրեւ պտոյտի մեկնելու հրաւէր:

«Կը հասկնամ, որ այս որոշումը մեծ յոյսեր ու սպասումներ կը յառաջացնէ: Սակայն պիտի ուզէի յիշեցնել, որ նախազգուշացումները արգելք չեն նշանակեր, իսկ արտօնութիւնը տակաւին պտոյտի մեկնելու հրաւէր չէ: Պէտք չէ լիարժէք անվտանգութեան զգացողութիւն ունենաք: Համաճարակի աւարտին տակաւին շատ ժամանակ կայ: Եւ մենք միասին պէտք չէ արտօնենք, որ զբօսաշրջութեան ոլորտի վերաբացումը Գերմանիոյ կամ որեւէ այլ երկիրի մէջ համաճարակի երկրորդ ալիքի պատճառ դառնայ», ընդգծած է ան:

Կը նշուի, որ Ֆրանսան կը պատրաստուի զբօսաշրջային եղանակը բանալ 21 յունիսին, սակայն խօսքը միայն ներքին զբօսաշրջութեան մասին է: Կառավարութիւնը քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տայ այս տարի հանգիստը կազմակերպել երկրին մէջ եւ խուսափիլ արտասահման ճամբորդութիւններէն:

Նախորդը

Ժիրինովսքի Ռուսիոյ Պիւտճէն Լեցնելու Համար Առաջարկած Է Վաճառել Լենինի Աճիւնը

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Նախակրթարանի Աշակերտներուն Վրայ Դանակով Յարձակումի Պատճառով` 40 Վիրաւորներ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.