Պայտըն` Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու
Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնապէս դարձած է երեք նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը:
Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Պայտըն աւելի քան 1900 ձայն ապահոված է եւ այդպիսով պաշտօնապէս դարձած կուսակցութեան թեկնածուն:
Վերլուծաբաններու նախատեսութեամբ` Պայտըն նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին պիտի կեդրոնանայ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին, գործազրկութեան, ինչպէս նաեւ` հակացեղապաշտական ցոյցերու նիւթերուն վրայ:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարման ժամանակ փոխնախագահի պաշտօնը վարած Պայտըն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին համար կ՛առաջադրուի երրորդ անգամ ըլլալով:
Այժմ ան Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին համար պիտի պայքարի Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ: