Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ինքն Իրեն Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ. Փենթակոն Շուրջ 1600 Զինուոր Տեղակայած Է Ուաշինկթընի Շրջանին Մէջ

June 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 1600 զինուոր տեղափոխուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մօտ, ուր ծագումով ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան պատճառով տեղի կ՛ունենան բողոքի ցոյցեր: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը հաղորդէ` յղում կատարելով Փենթակոնի բանբեր Ճանըսըն Հոֆմընին:

«Ծառայութեան մէջ գտնուող զինուորները տեղափոխուած են մայրաքաղաքի շրջանի ռազմակայաններ եւ ոչ թէ ինքնին Ուաշինկթըն», յայտնած է ան:

Հոֆմըն նաեւ ընդգծած է, որ զինուորական ուժերը «բարձր մարտական պատրաստուածութեան վիճակի մէջ» կը գտնուին, սակայն տակաւին քաղաքային իշխանութիւններուն օգնութիւն չեն ցուցաբերեր:

Նախքան այդ, հակառակ կրակմարի ժամուն, ցուցարարներ հաւաքուած են Սպիտակ տան մօտ եւ հնչեցուցած տարբեր կարգախօսներ, ինչպէս նաեւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած են հեռանալու իր պաշտօնէն:

Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով ինքն իրեն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու պայմաններուն տակ մայրաքաղաքին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելուն համար:

«Քոլոմպիա շրջանին (քաղաք` Ուաշինկթըն) մէջ անցեալ գիշեր խնդիրներ չեն եղած: Հիանալի աշխատանք կատարուած է բոլորին կողմէ: Անյաղթ ուժ: Գերիշխում: Մինիափոլիսի մէջ նոյնպէս հիանալի եղած է: (Շնորհակալութիւն, նախագահ Թրամփ)», գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ամերիկեան «Տի Աթլանթիք» պարբերաթերթը երէկ իր կարգին գրեց. «Այժմ մուտք գործեցինք Թրամփի ժամանակաշրջանի վերջին փուլը»:

Ֆրանչիսկոս պապը, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներուն մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններու, յայտնեց. «Ոչ ոք կրնայ ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան աչք փակել»: Ան դատապարտեց բռնարարքը` զայն նկատելով «ինքզինք քանդել, ինքզինք պարտութեան մատնել»:

Պապը իր շաբաթական խօսքի անգլերէն բաժինը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած կացութեան յատկացնելով կոչ ուղղեց ազգային հաշտութիւն կատարելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու:

Ֆրանչիսկոս պապը Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը նկատեց ողբերգութիւն մը` նշելով, որ կ՛աղօթէ անոր եւ «ցեղապաշտութեան մեղքին» պատճառով բոլոր մահացածներուն համար:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտնեց. «Ցեղային խտրութիւնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ գոյութիւն ունեցող երեւոյթ մը եւ իրականութիւն մըն է, եւ պէտք է աշխատանք տանիլ անկէ ձերբազատուելու»:

«Մենք անկարգութիւններուն դէմ եւ խաղաղ ցոյցերուն հետ ենք, եւ չեմ աջակցիր բանակը ներկայ փուլին նահանգներուն մէջ տեղակայելուն, որովհետեւ ատոր կարիքը չկայ: Մենք չենք ուզեր փողոցները, քաղաքներն ու նահանգները ռազմականացնել», նշեց Էսփըր:

 

Նախորդը

Մոնթենեկրոն Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ Երկրին Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Աւարտին Մասին

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Փոխեց Լիպիոյ Մէջ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.