Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Ընդդիմադիր Երեք Երեսփոխաններ Զրկուած Են Անձեռնմխելիութենէ Եւ Ձերբակալուած

June 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ գերագոյն դատարանին որոշումով` երկրի խորհրդարանի ընդդիմադիր երեք երեսփոխաններ զրկուած են անձեռնմխելիութենէ եւ ձերբակալուած: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը:

Ձերբակալուած երեսփոխաններն են` Էնիս Պերպերօղլուն` Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Լէյլա Կիւվենն ու Մուսա Ֆարիսօղլուն` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն:

Ֆարիսօղլու իր թուիթըրեան էջին վրայ կը տեղեկացնէ, որ զինք ձերբակալած են Տիգրանակերտ-Ուրֆա ինքնաշարժի ճամբուն վրայ:

«Երբ ես Տիարպեքիրէն կը մեկնէի Անգարա` նպատակ ունենալով երթալ մեր շտապ բնակարան, զիս ուղղակի ձերբակալեցին», ըսած է Ֆարիսօղլու:

Աւելի ուշ կալանաւորուած է նաեւ Լէյլա Կիւվենը, որուն Տիգրանակերտ գտնուող տունը շրջափակուած էր ոստիկանութեան կողմէ:

Բժշկական քննութենէն ետք Կիւվենը տեղափոխած են Տիգրանակերտի կիներու փակ բանտ, իսկ Ֆարիսօղլուն` Տիգրանակերտի «Տի» կարգի փակ բանտ:

Քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններէն ետք ձերբակալուած է Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Էնիս Պերպերօղլուն: Քանի մը ընթացակարգերէ ետք զինք տեղափոխած են Պոլսոյ Մաթեփէի շրջանի «Լ» տիպի բանտ:

Աղբիւրը քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու ձերբակալութիւնը կը կապէ քաղաքական հետապնդումներու հետ, անոնց մեղադրանք առաջադրուած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող կազմակերպութիւններու առնչուած ըլլալու համար:

Պերպերօղլուն ձերբակալած են «Ճումհուրիեթ» օրաթերթին մէջ իր հրապարակած յօդուածներէն մէկուն համար:

Նախորդը

Ֆրանսայի Իշխանութիւնները Կը Յայտարարեն, Որ Երկրին Մէջ «Քորոնա»-ի Համաճարակը Առած Են Վերահսկողութեան Տակ

Յաջորդը

Շուէտի Եւ Աւստրիոյ Մէջ Ցոյց` Ընդդէմ Ցեղապաշտութեան

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.