Էրտողան Թրամփի Հետ Լիպիոյ Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է Եւ Կ՛ուզէ Հարցը Քննարկել Փութինի Հետ
Եւրոպական Միութիւնը Կը Զօրակցի Եգիպտոսի Նախաձեռնութեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, կողմերը քննարկած են շարք մը շրջանային հարցեր, զրոյցի գլխաւոր նիւթը եղած է Լիպիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները ներկայացուցած է Թուրքիոյ նախագահը: «Այսօր մենք նախագահ Թրամփի հետ քննարկած ենք...



















