Նոր Զելանտայի մէջ ապաքինած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած վերջին հիւանդը. երկրին մէջ աւելի քան երկու շաբաթ «Քորոնա»-ի նոր պարագաներ չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտարարեց Նոր Զելանտայի առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Նախարարութեան տուեալներով` նախորդ շաբաթավերջին ապաքինած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած վերջին հիւանդը, որ Օքլընտի մէջ կը գտնուէր բժիշկներու հսկողութեան տակ:
Նոր Զելանտայի գլխաւոր բժիշկը նշեց, որ 28 փետրուարէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով երկրի տարածքին հաստատուած ախտորոշմամբ մարդիկ չկան:
Նոր Զելանտայի մէջ վարակուածներուն թիւը 1504 էր, իսկ մահացածներունը` 22:
«Քորոնա» ժահրի քննութիւն կատարած է շուրջ 295 հազար անձ:
Յիշեցնենք, որ համաճարակի իրավիճակի կայունացումէն ետք Նոր Զելանտայի իշխանութիւնները ջնջած էին մեկուսացման սահմանափակումներու մեծ մասը: Կը սպասուի, որ կառավարութիւնը յայտարարէ սպառնալիքի մակարդակի նուազեցման մասին եւ բոլոր արգելքները, բացի` երկիր մուտք գործելու վերաբերող:



