Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիայէն Չենք Վախնար Եւ Պատրաստ Ենք Որեւէ Բեմագրութեան» Կ՛ըսէ Յունական Կառավարութեան Բանբերը

Յունիս 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի փոխվարչապետ եւ երկրի կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փեթսաս Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի մէջ հորատման աշխատանքներուն պատճառով Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ յառաջացած լարուածութեան լոյսին տակ յայտարարած է, որ իրենք «չեն վախնար Թուրքիայէն» եւ պատրաստ են որեւէ բեմագրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:

«Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները չեն նպաստեր խնդիրներու լուծման: Միացեալ Նահանգներ կը քննադատեն Թուրքիոյ դիրքորոշումը եւ համաձայն են Յունաստանի հետ: Ապօրինի գործողութիւնները ոչ մէկ իրաւական արդիւնք կրնան ունենալ: Մենք կ՛ուզենք

բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն այդ ցանկութիւնը պէտք չէ միակողմանի ըլլայ: Մենք Թուրքիայէն չենք վախնար եւ պատրաստ ենք որեւէ բեմագրութեան», հաստատած է Յունաստանի փոխվարչապետը:

Յիշեցնենք, որ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայոթոփուլոս օրեր առաջ թրքական «ՍԹԱՐ Թի.Վի.»-ին յայտարարած էր, թէ իր երկիրը իր գերիշխանական իրաւունքները պաշտպանելու համար պատրաստ է ամէն բանի, ներառեալ` «սադրանքներու» պարագային Թուրքիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Յունաստան պատրա՞ստ է տագնապին զինուորական լուծման, ինչպէս ըսած է վարչապետի խորհրդականը, Փանայոթոփուլոս պատասխանած էր. «Այո՛, ճիշդ է»:

«Մենք կը պատրաստուինք որեւէ իրավիճակի: Ի հարկէ, «հաւանական ամէն ինչ»-ը կը ներառէ նաեւ զինուորական մասնակցութիւն: Մենք ատիկա չենք ուզեր, սակայն կ՛ուզենք հասկցնել, որ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կարելի եղած չափով պաշտպանենք մեր գերիշխանական իրաւունքները», ըսած էր նախարարը:

Նախքան այդ, թրքական պետական պաշտօնաթերթը հրապարակած էր յունական կղզիներու մօտ գտնուող տարածքին մէջ թրքական պետական քարիւղի ընկերութեան կողմէ ածխաջրածիններու հետազօտման եւ արդիւնահանման արտօնագիր ստանալու դիմումները:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Տակաւին Կանաչ Լոյս Չտուաւ Այսրյորդանանէն Բաժիններ Իսրայէլի Կցելու» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Յաջորդը

Եգիպտոսի Զօրքերը Մուտք Գործած Են Լիպիա` Յաջակցութիւն Հաֆթարի

RelatedPosts

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ  Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող  Պառակտման Պայմաններուն Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապը Կը Մօտենայ Հաւանական Շրջադարձային Կէտի` Եւրոպայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Պառակտման Պայմաններուն Մէջ

Դեկտեմբեր 8, 2025
«Պիտի Շարունակենք Պաղեստինցի Ժողովուրդին  Աջակցիլ, Սակայն Ուրիշներու Քանդածին  Վերակառուցումը Պիտի Չֆինանսաւորենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Միջազգային

«Պիտի Շարունակենք Պաղեստինցի Ժողովուրդին Աջակցիլ, Սակայն Ուրիշներու Քանդածին Վերակառուցումը Պիտի Չֆինանսաւորենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Դեկտեմբեր 8, 2025
Ֆիտան. «Իսրայէլի Հետ Սուրիոյ Մէջ  Ճակատում Չենք Ուզեր»
Միջազգային

Ֆիտան. «Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժի Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Ներառեալ Անոր Լիազօրութեան Եւ Գործողութիւններու Կանոններուն Շուրջ»

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?