Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Պետական Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Կը Շարունակէ Հետաքննել Վրացիներու Եւ Ազրպէյճանցիներու Միջեւ Ազգային Ատելութեան Դէպքերը

June 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը կը շարունակէ հետաքննել վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ ազգային ատելութիւն հրահրելու դէպքերը: Այս մասին կը հաղորդեն վրացական լրատուամիջոցները:

Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հետաքննութեան մեկնարկի մասին յայտարարած է 30 մայիսին: Պետական անվտանգութեան ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ խօսքը վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու, Վրաստանի քաղաքացիներու միջեւ ատելութիւն հրահրելու մասին է: Առանձնայատուկ փաստեր չեն նշուած, սակայն նշուած է, թէ նման բան տեղի կ՛ունենայ Քվեմօ-Քարթլիի եւ Կախեթիի շրջաններուն մէջ:

Ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն, հետաքննութիւնը սկսած է 1970-ական թուականներուն Մառնէուլի մէջ տեղադրուած ազրպէյճանցի պոլշեւիկ Նարիման Նարիմանովի կիսանդրիին պատճառով, վերջինս ծնունդով այդ քաղաքէն էր: Քաղաքապետարանը օրերս վերականգնած էր կիսանդրին:

Այս յուշարձանին դէմ հանդէս եկան Մառնէուլի եպիսկոպոսը եւ այլ անձեր: Մայիսին քարոզի ընթացքին ան յայտարարած է, որ Նարիմանովը Վրաստանի թշնամին էր եւ քաղաքապետին քայլերը «վիրաւորանք են պետականութեան համար» եւ «մեր նախնիներու հոգիի խորքին»: Ատկէ ետք որոշ կազմակերպութիւններ, ներառեալ ծայրայեղ ազգայնական «Վրացական քայլերթ»-ը արմատական յայտարարութիւններ կատարած են: Անոնց պատասխանած են Վրաստանի իսլամներու գերագոյն գերատեսչութեան ղեկավար շէյխ Միրթակ Ասատովը եւ շարք մը այլ վրացական հասարակական գործիչներ:

Հետաքննութեան ծիրին մէջ Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հարցաքննած է «Հերեթի» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Զուրմուտ Քուրպանովը: Ըստ անոր, կայ «երրորդ ուժ» մը, որուն շահերէն կը բխի վրաց-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները պառակտելը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճան 2019 թուականէն ի վեր բռնագրաւած է վրացական Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրը, իսկ երկրին իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ ոչինչ կը ձեռնարկեն:

Նախորդը

Թանզանիոյ Նախագահը Քաղաքացիներու Աղօթքներուն Շնորհիւ Երկրին «Քորոնա» Ժահրը Յաղթահարած Ըլլալը Յայտարարեց

Յաջորդը

Էրտողան Թրամփի Հետ Լիպիոյ Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է Եւ Կ՛ուզէ Հարցը Քննարկել Փութինի Հետ

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.