Եւրոպական Միութիւնը Կը Զօրակցի
Եգիպտոսի Նախաձեռնութեան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, կողմերը քննարկած են շարք մը շրջանային հարցեր, զրոյցի գլխաւոր նիւթը եղած է Լիպիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները ներկայացուցած է Թուրքիոյ նախագահը:
«Այսօր մենք նախագահ Թրամփի հետ քննարկած ենք շրջանային խնդիրները, նախ եւ առաջ` Լիպիոյ հարցը, որ շատ կը յուզէ Միացեալ Նահանգները: Մենք հաստատած ենք, որ այժմ այնտեղ ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ, տեղեկացուցած ենք այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մանրամասնութիւնները:
«Լիպիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ հաւանաբար նոր փուլ սկսի: Մենք յստակ համաձայնութիւններ գոյացուցինք, սակայն ատոնք տակաւին պէտք է քննարկուին Ռուսիոյ յարգելի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հաւանաբար անոր հետ բանակցութիւններ ըլլան», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը յստակացուցած է, թէ ինչի՛ մասին համաձայնած են Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
«Մենք (Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ) Սարաժի կողքին ենք, որուն կ՛աջակցին ՄԱԿ-ը եւ միջազգային ընտանիքը: Անոր դէմ կը պայքարի Լիպիոյ ազգային բանակի ղեկավար Խալիֆա Հաֆթարը: Այժմ շատ կարեւոր շրջաններ անցած են Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վերահսկողութեան տակ, անոր յառաջընթացը կը շարունակուի», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ողջունեց լիպիական տագնապի լուծման Գահիրէի նախաձեռնութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛ամրապնդէ Պերլինի խորհրդաժողովի որոշումները եւ համահունչ են խորհրդաժողովի ընթացքին Լիպիոյ տագնապի լուծման որոշումներուն: «Բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կը ձգտին երկրին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու, դրական են», նշեց ան:
Պորել նշեց, որ ինք եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Պի Հուլ համաձայն են Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման քննարկման համար բոլոր առիթներու օգտագործման եւ վերադառնալու Ժընեւի մէջ լիպիական զինուորական 5+5 ժողովներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ բանակցութիւններու սկսելուն:
Արաբական լիկան իր կարգին նշեց.«Կը յուսանք, որ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը կ՛ընդառաջէ Եգիպտոսի նախաձեռնութեան»:



