Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, մեկնաբանելով Հոնկ Քոնկի հարցը, չինական Համայնավար կուսակցութեան քայլերը նմանցուց Գերմանիոյ մէջ նացիներու վարմունքին:
Ան «Տը Տէյլի Քոլըր» օրաթերթին յայտնեց. «Չինական Համայնավար կուսակցութեան` Բրիտանիոյ հետ համաձայնութեան հիմամբ տուած խոստումը կը նմանի այն խոստումներուն, որոնք չյարգուեցան, երբ Գերմանիան մնացեալ Եւրոպայի դէմ կանգնեցաւ»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա բուռն կերպով ընդդիմացան Չինական ազգային անվտանգութեան օրէնքի գործադրութեան Հոնկ Քոնկի մէջ, որ 1997-ին քաղաքը Բրիտանիայէն Չինաստանին յանձնելու համաձայնութեան հիմամբ լայն ինքնավարութիւն կը վայելէ: