Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինիափոլիսի Ոստիկանութեան Կառոյցը Պիտի Լուծարուի

June 9, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինիափոլիսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Լիզա Պենտըր «Սի.Էն.Էն.»-ի յայտնեց. «Ոստիկանութեան կառոյցը, ինչպէս զայն Մինիափոլիս քաղաքին մէջ կը ճանչնանք, պիտի լուծարուի` վերակառուցելու համար հասարակական ապահովութեան համար նոր բնորդ մը, որ իրապէս մեր հասարակութիւնը անվտանգ կը պահէ»:

Ան աւելցուց, որ մտադիր է քաղաքի ոստիկանութեան ֆինանսաւորման նախատեսուած պիւտճէն ուղղել բնակեցման վերաբերող ծրագիրներու ֆինանսաւորման:

«Քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ մտադիր է սերտել ներկայ ոստիկանութեան կառոյցը փոխարինելու կարելիութիւնները: Ոստիկանական ուժի չգոյութեան գաղափարը կարճ ժամկէտի վրայ իրագործելի ծրագիր մը չէ», նշեց ան:

Խորհուրդի անդամ Ալոնտրա Քանօ իր կարգին յայտնեց, թէ ոստիկանութեան կառոյցը լուծարելու որոշումը որդեգրուած է «բաւարար մեծամասնութեամբ», ինչ որ կարելի դարձուցած է վեթոյի կիրարկումէն խուսափիլը: Ան աւելցուց, որ խորհուրդը եզրակացուցած է, թէ քաղաքի ոստիկանական կառոյցը «անբարեկարգելի է»: «Մենք վերջ պիտի տանք ոստիկանութեան ներկայ համակարգին», ընդգծեց ան:

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տը Պլազիօ իր կարգին յայտարարած է, որ 25 մայիսին ծագումով ափրիկեցի Ճորճ Ֆլոյտի Մինիափոլիսի մէջ ոստիկանութեան կողմէ սպանութենէն ետք, երկրին մէջ ընթացք առած շարունակական անկարգութիւններու լոյսին տակ, ոստիկանութեան համակարգին մէջ շարք մը բարեփոխումներ պիտի ըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Պի.Էս.»-ը:

Քաղաքին մէջ ոստիկանութեան ֆինանսաւորման մէկ մասը կը նախատեսուի յատկացնել երիտասարդութեան հետ աշխատանքին:

Քաղաքապետին խօսքով` իշխանութիւնները պիտի կեդրոնանան երիտասարդներու ամառնային գործունէութեան վրայ: Անոր կարծիքով, անհրաժեշտ է, որ երիտասարդութիւնը գիտակցելով հասնի ատոր, եւ ոչ թէ ենթարկուի ոստիկանութեան քայլերուն ճնշման տակ:

Ան նոյն ատեն աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկուին քաղաքին մէջ անվտանգութիւն ապահովելու համար:

 

Նախորդը

Գերմանիան «Բարդ» Կ՛որակէ Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

«Կէտեր Կորսնցուցի, Եւ Ատիկա Իրողութիւն Է», Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.