Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կը Հրամայէ Ազգային Պահակագունդը Հեռացնել Ուաշինկթընէն

June 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հրամայեց Ազգային պահակագունդի ուժերը հեռացնել մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն` «նկատի ունենալով, որ հարցերը այժմ ամբողջովին վերահսկողութեան տակ առնուեցան»:

Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Ուժերը իրենց տունը պիտի երթան, սակայն եթէ պէտք ըլլայ անոնք կրնան շատ արագ անգամ մը եւս վերադառնալ: Երէկ գիշեր քիչ թիւով ցուցարարներ դուրս եկան»:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ ժողովի ընթացքին իր խորհրդականներուն յայտնեց, թէ կ՛ուզէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղակայել 10 հազար զինուոր` Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցերու շարունակութիւնը արգիլելու համար, սակայն անոր վարչակազմը բուռն կերպով մերժեց ատիկա»:

«Պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր, միացեալ սպայակոյտի պետ Մարք Միլի եւ արդարադատութեան նախարար Ուիլիըմ Պար ժողովի ընթացքին յանձնարարած են այդ ուժերը չտեղակայել», կը նշէ գործակալութիւնը` աւելցնելով. «Այս ժողովի ընթացքին տարակարծութիւններ եղած են»:

«Նախագահին համար առայժմ գործող ուժերը, առանց քաղաքին մէջ ներկայութիւն ունենալու, պատրաստ վիճակի մէջ դնելը բաւարար էր», հաղորդեց «Ռոյթըրզ»` նշելով. «Էսփըրի մամլոյ ասուլիսէն ետք, որուն ընթացքին գործող ուժերու տեղակայումը մերժելը յայտարարեց, Թրամփ Էսփըրի վրայ պոռաց»:

Միւս կողմէ, Փենթակոնի բանբեր Ճոնըսըն Հոֆմըն յայտարարեց, որ Էսփըր եւ Միլի չեն մերժած Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցերու յանձնախումբին առջեւ Ուաշինկթընի մէջ ուժերու տեղակայման հարցին շուրջ զեկուցել,  «ինչպէս ոմանք հաղորդեցին»:

«Փենթակոնի մէջ իրաւաբանական հարցերու մասնագիտացած խմբակը տակաւին Ներկայացուցիչներուն տան հետ, անոր դիմումին հարցով քննարկում կը կատարէ: Փենթակոն յանձնառու է բանակի հարցերով նախարար Ռայըն Մաքարթին, ցամաքային ուժերու սպայակոյտի պետ Ճէյմս ՄքՔոնվիլը եւ Ուաշինկթընի մէջ ազգային պահակագունդի հրամանատար Ուիլիըմ Ուքըրը ուղարկելու` յանձնախումբը անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Ազգային պահակագունդի տարածման հարցերուն մասին տեղեակ պահելու համար», նշեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

Մինչ Յունաստանն Ու Արաբական Լիկան Կ՛ողջունեն. Թուրքիա Կը Հակադարձէ Սիսի-Հաֆթար Հանդիպումին Եւ Գահիրէի Համաձայնութեան

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Կը Պատրաստուի «Քորոնա» Ժահրի Հնարաւոր Երկրորդ Ալիքին

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.