Միջազգային

«Ամերիկացի Զինուորն«Ամերիկացի Զինուորները Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփերը Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփ

«Ամերիկացի Զինուորն«Ամերիկացի Զինուորները Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփերը Այլեւս Պիտի Չլուծեն Օտար Հակամարտութիւնները» Կ՛ըսէ Թրամփ

Ամերիկացի զինուորականները այլեւս պիտի չգործուղուին այլ երկիրներ եւ «պիտի չլուծեն օտար հակամարտութիւնները»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Վերջինիս խօսքով` Ուաշինկթըն կը վերադառնայ հիմնարար սկզբունքներուն, որոնց համաձայն, զինուորին գործը Միացեալ Նահանգները արտաքին թշնամիներէն պաշտպանելն է: «Մենք կ՛աւարտենք անվերջանալի պատերազմներու ժամանակաշրջանը», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը` Նիւ Եորք նահանգի Ուեսթ Փոյնթ զինուորական ակադեմիայի...

Լիպիոյ Արեւելքի Կառավարութեան Փոխվարչապետ. «Կը Յուսանք Իսրայէլ Մեզի Կ՛աջակցի, Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Ամերիկեան Քարիւղի Ընկերութիւններուն` Վերադառնալու Լիպիա»

Լիպիոյ Արեւելքի Կառավարութեան Փոխվարչապետ. «Կը Յուսանք Իսրայէլ Մեզի Կ՛աջակցի, Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Ամերիկեան Քարիւղի Ընկերութիւններուն` Վերադառնալու Լիպիա»

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի համակիր Լիպիոյ Արեւելքի կառավարութեան փոխվարչապետ Ապտելսալամ Պատրի Իսրայէլին կոչ ուղղեց` հարկ եղած աջակցութիւնը տրամադրելու Արեւելքի կառավարութեան` նշելով. «Երբեք Թել Աւիւի թշնամիները չենք եղած»: Ան իսրայէլեան «Մաքոր Ռիշոն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղեց` միանալու «Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մասնակցութեամբ քաղաքական նոր նախաձեռնութեան»: «Պատմութեան ընթացքին բոլոր կրօններու զաւակներուն ապաստանարանը եղած ենք, Իսրայէլի եւ հրէական համայնքին...

Ազրպէյճանցի Քաղաքական Ներգաղթեալներու Ցոյց Մերքելի Նստավայրին Մօտ. «Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Համագործակցի Ազրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Վարչակազմին Հետ»

Ազրպէյճանցի Քաղաքական Ներգաղթեալներու Ցոյց Մերքելի Նստավայրին Մօտ. «Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Համագործակցի Ազրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Վարչակազմին Հետ»

Գերմանիոյ մէջ ապրող ազրպէյճանցի խումբ մը քաղաքական ներգաղթեալներ 11 յունիսին բողոքի ցոյց կատարած են Պերլինի մէջ` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի նստավայրի դիմաց: Ցոյցը կազմակերպուած էր ի նշան բողոքի 8 յունիսին Պաքուի Եասամալի շրջանին մէջ ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններու դէմ: Այս մասին կը գրէ ազրպէյճանական ընդդիմադիր «Մէյտան Թի.Վի.»-ի կայքը: Ցոյցի մասնակիցները պահանջած են, որ ոստիկանական գործողութիւնը կազմակերպած բոլոր անձերը` ներքին գործոց նախարարի...

«Թուիթըր» Արգելափակած Է Թուրքիոյ, Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Առնչուած Աւելի Քան 30 Հազար Օգտահաշիւ

«Թուիթըր» Արգելափակած Է Թուրքիոյ, Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Առնչուած Աւելի Քան 30 Հազար Օգտահաշիւ

«Թուիթըր»-ի ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի առնչուած 32 հազար օգտահաշիւ արգելափակած է: Ըստ բացատրութեան, ատոնք կիրարկուած են «այդ երկիրի իշխանութիւններուն համար շահաւէտ քաղաքական տեղեկատուութեան տարածման համար»: Ընկերային ցանցի կայքին վրայ տեղադրուած բացատրութեան համաձայն, օգտահաշիւներու մեծ մասը պատկանած է Չինաստանէն օգտատէրերու` 23.750, 1152-ը արձանագրուած եղած են Ռուսիոյ մէջ, առնչուած են «Արդիական քաղաքականութիւն» կայքի հետ, որ «քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ` ի պաշտպանութիւն Մոսկուայի»: Փակուած...

Փրակի Մէջ Պղծած Են Ուինսթըն Չըրչիլի Արձանը

Փրակի Մէջ Պղծած Են Ուինսթըն Չըրչիլի Արձանը

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր պղծած են Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի արձանի պատուանդանը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Քորրեսփոնտենթ» կայքը` յղում կատարելով Փրակի ոստիկանութեան մամլոյ քարտուղար Եան Ռիպանսքիին: Վանտալները պատուանդանին վրայ ձգած են կարմիր ներկով «Ցեղապաշտ եղած է» եւ «Սեւամորթներու կեանքերը իմաստ ունին» գրառումները: Ռիապանսքին նշած է, թէ տեղի ունեցածը «ամենայն հաւանականութեամբ առնչուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ...

Թուրքիան Վերաբացած Է Սահմանային Բոլոր Անցակէտերը, Բացի` Իրանի Հետ Ցամաքային Սահմանէն

Թուրքիան Վերաբացած Է Սահմանային Բոլոր Անցակէտերը, Բացի` Իրանի Հետ Ցամաքային Սահմանէն

Թուրքիան բացած է երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգին պատճառով փակուած իր բոլոր սահմանային անցակէտերը, բացի` Իրանի հետ ցամաքային սահմանէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին, զոր ղեկավարած է երկիրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որոշուած է բանալ երկրի սահմանային անցակէտերը` հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ երկրին դրական յառաջընթացը: Օդանաւային փոխադրումներու վերսկսան աշխատանքները պիտի...

Ազրպէյճան Պիտի Գնէ Թրքական Հարուածային Անօդաչու Սարքեր, Որոնք «Կրնան Օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ»

Ազրպէյճան Պիտի Գնէ Թրքական Հարուածային Անօդաչու Սարքեր, Որոնք «Կրնան Օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ»

Ազրպէյճան պիտի գնէ թրքական արտադրութեան զինուորական նոր անօդաչու սարքեր, ներառեալ` «Պայրաքթար» եւ «ԹԱՅ Անքա» տիպի սարքեր` երկրի խորհրդարանին կողմէ Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ 200 միլիոն թրքական լիրա (շուրջ 30 միլիոն տոլար) արժողութեամբ պաշտպանական արտադրանք գնելու վերաբերեալ համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վեսթիքաւքազա» կայքը: «Քասփիըն Նիուզ» կը գրէ, թէ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի`...

Թուրքիոյ Քաղաքացիներուն 73 Առ Հարիւրը  Համաձայն Է Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելուն

Թուրքիոյ Քաղաքացիներուն 73 Առ Հարիւրը Համաձայն Է Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելուն

Վերջերս Թուրքիոյ մէջ քննարկումներու առիթ դարձած է եւ  քաղաքական օրակարգի վրայ յայտնուած է Պոլսոյ մէջ գտնուող բիւզանդական նշանաւոր Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը: Նշենք, որ երբեմնի քրիստոնէական հռչակաւոր տաճարը Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով` 1934 թուականին ստացած էր թանգարանի կարգավիճակ: «Արետա Սըրվէյ» հետազօտութիւններու կեդրոնը նիւթին շուրջ 2-5 յունիսին հարցախոյզ կատարած է` պարզելու համար, թէ հասարակութեան քանի...

Թրամփ Կը Մերժէ Համադաշնակցութեան  Զօրավարներու Անունները Ռազմակայաններէն  Վերցնելու Մասին Նոյնիսկ Մտածել

Թրամփ Կը Մերժէ Համադաշնակցութեան Զօրավարներու Անունները Ռազմակայաններէն Վերցնելու Մասին Նոյնիսկ Մտածել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ կտրուկ կերպով կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայաններէն վերցնել Համադաշնակցութեան զօրավարներու անունները: Առաջարկ մը, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած էր քննարկելու: Նշենք, որ 1861-1865-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ ստրկատիրութեան պատճառով երկրին հիւսիսային եւ հարաւային բաժիններուն միջեւ տեղի ունեցաւ քաղաքացիական պատերազմ, երբ երկրին հարաւը մերժեց վերջ տալ ստրկատիրութեան եւ դաշնակցութենէն անջատուելով Համադաշնակցութեան հաստատումը հռչակեց: Թրամփ «Թուիթըր»-ի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Կրօնական Ազատութիւններու  Վերաբերեալ Զեկուցումին Մէջ Թուրքիան Դարձեալ  Քննադատութիւններու Ենթարկուած Է

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնական Ազատութիւններու Վերաբերեալ Զեկուցումին Մէջ Թուրքիան Դարձեալ Քննադատութիւններու Ենթարկուած Է

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է 2019 թուականին տարբեր երկիրներու մէջ կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ զեկուցումը, որուն մէջ դարձեալ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններուն վրայ: Զեկուցումին մէջ տեղ գտած է Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի ընտրութեան հոլովոյթին մէջ պետական միջամտութիւնը, որուն մասին կ՛ահազանգէին պոլսահայ գործիչները: Բացի ատկէ, մտահոգիչ են նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու, մասնաւորաբար յոյներու եւ հայերու...

Տիգրանակերտի Մէջ «Ահաբեկիչներ» Փնտռելու  Յատուկ Գործողութեան Ժամանակ Թուրք  Զինուորականները Մարդիկ Ծեծած Են, Սատկեցուցած  Անասուններ Եւ Քանդած Գերեզմաններ

Տիգրանակերտի Մէջ «Ահաբեկիչներ» Փնտռելու Յատուկ Գործողութեան Ժամանակ Թուրք Զինուորականները Մարդիկ Ծեծած Են, Սատկեցուցած Անասուններ Եւ Քանդած Գերեզմաններ

Տիգրանակերտ նահանգի Սիլվան եւ Լճէ գիւղաքաղաքներէն մարդոց իրաւունքներու խախտման մասին տեղեկութիւններ ստացուած են: Թրքական «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը կը գրէ, որ «ահաբեկիչներ» փնտռող թուրք զինուորները գիւղաքաղաքներուն մէջ յատուկ գործողութիւններու ժամանակ ծեծի ենթարկած են քանի մը բնակիչներ, սատկեցուցած են անոնց խոշոր եղջերաւոր անասունները եւ քանդած գերեզմաններ: Մինչեւ 9 յունիսին գործողութիւններու սկիզբը Սիլվանի մէջ քանի մը տուն խուզարկուած է: Զինուորները ձերբակալութեամբ ու ձեռնաշղթաներով...

«Մենք Պէտք Է Ցոյց Տանք, Որ Եթէ Իսրայէլ  «Կարմիր Գիծեր»-ը Անցնի, Ատիկա Լուրջ  Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Մենք Պէտք Է Ցոյց Տանք, Որ Եթէ Իսրայէլ «Կարմիր Գիծեր»-ը Անցնի, Ատիկա Լուրջ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի քննարկման նուիրուած արտակարգ նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլ տագնապի հարցին մէջ «Կարմիր գիծեր»-ը անցնի, ատիկա այդ երկրին համար լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը: Չաւուշօղլուն յիշեցնելով, որ իրենք հաւաքուած են, որպէսզի Իսրայէլին յստակ նախազգուշացում յղեն` «դադրեցնելու ապօրինի բռնակցումի ծրագիրները եւ...

Պաղեստինի Վարչապետը Կը Սպառնայ 1967-ի  Սահմաններով Պաղեստինի Պետութիւն Հռչակել

Պաղեստինի Վարչապետը Կը Սպառնայ 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինի Պետութիւն Հռչակել

Պաղեստինի վարչապետ Մուհամետ Շթայէ կը սպառնայ 1967-ի սահմաններով Պաղեստինեան պետութիւն հռչակել: Այս մասին կը հաղորդէ «Իսրայէլինֆօ» կայքը: Շթայէ երեքշաբթի օր օտարերկրեայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Այսրյորդանանէն եւ Յորդանան գետի հովիտի Իսրայէլի բռնակցման իսրայէլեան ծրագիրը կոչած է «սպառնալիք` Պաղեստինի գոյութեան»: Ան նշած է, որ եթէ 1 յուլիսին կցումի մասին յայտարարուի, ապա Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի յայտարարէ Պաղեստինի պետութեան ստեղծման մասին: Մուհամետ Շթայէ...

«Մինչեւ Խաղաղութեան Հաստատումը  Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Լիպիոյ Ազգային  Համաձայնութեան Կառավարութեան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մինչեւ Խաղաղութեան Հաստատումը Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Պորել. «Թուրքիա-Լիպիա Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Գերիշխանութիւնը» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս իր աջակցութիւնը յայտնած է Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան` Լիպիոյ ազգային բանակին դէմ պայքարին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք պիտի կանգնինք մեր լիպիացի եղբայրներու կողքին, ոչ թէ յեղաշրջում կատարողներու», ըսած է Էրտողան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Ան ընդգծած է, թէ Լիպիոյ ազգային...

Ալիեւի Գրասենեակին Մէջ Աշխատող  14 Անձեր Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով

Ալիեւի Գրասենեակին Մէջ Աշխատող 14 Անձեր Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով

Ազրպէյճանի առողջապահական իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ ազրպէյճանական վարչակազմին մէջ յայտնաբերուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 19 անձեր, որոնցմէ 14-ը կ՛աշխատին նախագահ Իլհամ Ալիեւի գրասենեակին մէջ, իսկ հինգ անձեր` աշխատանքի նախարարութեան: Իշխանութիւնները նշեցին, որ վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին կառավարութեան կողմէ ժահրի տարածման դէմ քայլերու մեղմացման զուգահեռ աճած են նոր վարակուածներու թիւերը, որոնք շրջանցած են ապաքինածները: Բարձրացած է նաեւ մահացածներուն թիւը:

Թունուզի Խորհրդարանը  Մերժեց Գաղութատիրութեան  Փուլին Համար Ֆրանսայէն Ներում  Հայցել Պահանջող Բանաձեւը

Թունուզի Խորհրդարանը Մերժեց Գաղութատիրութեան Փուլին Համար Ֆրանսայէն Ներում Հայցել Պահանջող Բանաձեւը

Թունուզի խորհրդարանը դէմ քուէարկեց բանաձեւի մը, որ Ֆրանսայէն կը պահանջէ Թունուզէն պաշտօնապէս ներում հայցել` գաղութատիրութեան ու անոր յաջորդող փուլին համար: Նախքան քուէարկութիւնը, երեսփոխանները բուռն կերպով վիճեցան Քարամէ երեսփոխանական պլոքին կողմէ ներկայացուած  բանաձեւին շուրջ: 217 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին կողմէ բանաձեւի վաւերացման համար հարկ էր առնուազն 109 քուէ, սակայն աւելի քան 15 ժամ տեւած քննարկումներէն ետք միայն 77 երեսփոխաններ թեր քուէարկեցին, իսկ...

Ցուցարարներ Ռիչմընտի Մէջ Քրիսթոֆըր  Քոլոմպոսի Արձանը Լիճը Նետեցին

Ցուցարարներ Ռիչմընտի Մէջ Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսի Արձանը Լիճը Նետեցին

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ շուրջ հազար ցուցարարներ բնիկ ժողովուրդներու հետ զօրակցելու համար հաւաքուած են Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի Ռիչմընտ քաղաքին մէջ գտնուող Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսի յուշարձանին մօտ, ապա այդ առթիւ արտասանուած խօսքերէն ետք ցուցարարները կոչ ուղղած են վար առնելու արձանը` նշելով, որ Քոլոմպոս բնիկներու ցեղասպանութիւնը կը խորհրդանշէ: Ցուցարարները պարաններ օգտագործած են վար առնելու համար շուրջ 8 ոտք բարձրութեամբ արձանը, ապա զայն...

Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը 2 Յուլիսին Պիտի Քննարկէ Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը

Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը 2 Յուլիսին Պիտի Քննարկէ Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը

Թուրքիոյ պետական խորհուրդը օրակարգի վրայ դրած է 1934 թուականին նախարարներու խորհուրդի` Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթէն թանգարանի վերածելու որոշումը ջնջելու հարցը: Գերագոյն դատարանը որոշումը պիտի տայ 2 յուլիսին նախատեսուող նիստի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք» կայքը: Ս. Սոֆիա տաճարը, որ  1453 թուականին Բիւզանդական կայսրութեան անկումէն եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք մզկիթի վերածուած էր, 1931 թուականին աշխարհիկ հայեացքներ ունեցող Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ...

Քոնկրեսին Մէջ Կը Պատրաստուի Իրանի Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Միջինարեւելեան Երկիրներու, Ներառեալ Լիբանանի Ամերիկեան Օժանդակութիւնները Դադրեցնելու Կոչ Ուղղող Նախագիծ Մը

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Քոնկրեսի հանրապետական անդամները ներկայացուցած են Սուրիոյ, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու վերաբերեալ նախագիծ մը: Քոնկրեսական Կրեկ Սթիոփ «Ֆոքս Պիզնըս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «նախագիծը կը ներառէ Միջին Արեւելքի մէջ երկիրներու, ներառեալ Լիբանանի ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելը»` աւելցնելով, որ նախագիծը տակաւին Քոնկրեսին չէ ներկայացուած, եւ օրէնսդիրները մտադիր են իրենց առաջարկները հրապարակելու այս շաբթուան ընթացքին: Միւս...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւները Չեն Պատրաստուիր Կրճատել Ոստիկանութեան Ֆինանսաւորումը»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւները Չեն Պատրաստուիր Կրճատել Ոստիկանութեան Ֆինանսաւորումը»

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի չլուծարեն ոստիկանութիւնը եւ չեն պատրաստուիր կրճատելու գերատեսչութեան ֆինանսաւորումը: «Էյ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին: «Մենք գերազանց ոստիկաններ ունինք, ես անոնցմով չափազանց հպարտ եմ: Պիտի չըլլայ ֆինանսաւորման կրճատում, պիտի չըլլայ մեր ոստիկանութեան լուծարում: Մեր ոստիկանութիւնը մեզի կ՛արտօնէ ապրիլ խաղաղ, մենք պէտք է...

Page 453 of 884 1 … 452 453 454 … 884

Արխիւներ