Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Էրտողանի Կողմէ Համասի Պատուիրակութեան Հիւրընկալումը. Անգարա Կը Մերժէ Ամերիկեան Քննադատութիւնը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով քննադատեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Համասի երկու ղեկավարներու Պոլսոյ մէջ հիւրընկալումը: «Էրտողանի հիւրընկալած պաշտօնատարները միջազգային ահաբեկիչներ են», յայտնեց նախարարութիւնը` նշելով. «Համասի հետ Էրտողանի հաղորդակցութեան շարունակումը միայն Թուրքիան միջազգային ընտանիքէն մեկուսացնելուն ու պաղեստինցի ժողովուրդի շահերուն վնասելուն կ՛առաջնորդէ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Համասի հետ Թուրքիոյ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ յարաբերութեան...




















