Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Մաարիւ»-ի. Սուտանի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Իսրայէլի Յաջորդ Նպատակն Է

August 26, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած են.«Սուտանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը յաջորդ նպատակն է, եւ մենք այդ ուղղութեամբ աշխուժօրէն կ՛աշխատինք»:

Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ աղբիւրները չեն նշած ժամկէտ մը, որուն ընթացքին այդ նպատակի գործադրումը կը նախատեսեն, այլ միայն նշած են, թէ հարցը կարեւոր նպատակի կը վերաբերի:

Սուտանի կառավարութենէն պաշտօնատար մը կիրակի օր յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յառաջիկայ օրերուն Սուտան պիտի այցելէ:

Նշենք, որ Փոմփէօ երէկ իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ հասաւ Իսրայէլ:

Սուտանի փոխանցման նախարարաց խորհուրդը նախապէս ողջունած էր Փոմփէոյի այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն կը փափաքի Սուտանը դուրս բերել ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցուցակէն:

Խորհուրդը նաեւ գնահատած էր Փոմփէոյի կոչը` աջակցելու «Սուտանի մէջ ժողովրդավարական փոփոխութեան ու ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելուն, ինչ որ շրջանային մակարդակի վրայ նոյնպիսի առիթներու երեւան գալուն կը յանգեցնէ»:

Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտուք յայտնեց, որ սուտանեան կառավարութիւնը «յանձնառու է Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ անկէ դուրս բոլոր գործընկերներուն հետ շարունակելու ջանքերը` փակելու համար այս թղթածրարը եւ Սուտանը լիարժէքօրէն ներառելու միջազգային ընտանիքին մէջ»:

Յիշեցնենք, որ Սուտանի Փոխանցման խորհուրդի նախագահը 27 ապրիլին Փոմփէոյի հետ քննարկած էր Սուտանը ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցուցակէն դուրս բերելու հարցը:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը 8 մարտին յայտնած էր.«Սուտանի անունը ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցուցակէն դուրս բերելը ժամանակի հարց է»:

Միացեալ Նահանգներ Սուտանը այդ ցուցակին վրայ առած էին 1993-ին: Ամերիկեան վարչակազմը 6 հոկտեմբերին վերցուց 1997-էն ի վեր Սուտանի հետ առեւտուրին դէմ հաստատուած արգելքը:

 

Նախորդը

Թրամփ Չի Բացառեր Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ Առեւտուրի Դադրեցումը

Յաջորդը

Ուիսքանսընի Մէջ Ցոյցեր` Ոստիկանութեան Կողմէ Ափրիկեցի-Ամերիկացիի Մը Սպանութենէն Ետք

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.