«Ռոսոպորոնէքսփորթ»-ը յայտարարեց, որ Ռուսիան ու Թուրքիան երէկ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկրորդ խմբաքանակի մատակարարման շուրջ համաձայնութիւն մը ստորագրած են:
Ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեքսանտր Մեխիեւ «Արմի-2020» ցուցահանդէսի ընթացքին յայտնեց. «Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ, եւ մենք ներկայիս մեր գործընկերներուն հետ կը քննարկենք այս համաձայնութեան գործադրութեան համար վճարման ձեւը»: