Միջազգային

Թուրքիա Կ՛արգելակէ Հասաքէ Քաղաքի Եւ Գիւղական Շրջաններուն Ըմպելի Ջուրի Մատակարարումը

Թուրքիա Կ՛արգելակէ Հասաքէ Քաղաքի Եւ Գիւղական Շրջաններուն Ըմպելի Ջուրի Մատակարարումը

«Մայատին» հաղորդեց, որ Հասաքէ քաղաքն ու անոր գիւղական շրջանները երէկ շարունակած են ըմպելի ջուրէ զրկուած մնալ` Թուրքիոյ Ռասուլ Այնի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ուլուք կեդրոնէն ջուրի մղումը արգելակելուն պատճառով: Թրքական կողմը արգիլած է ջուր մղելու սարքերը բանեցնել եւ վերանորոգման խմբակներու Ուլուք կեդրոն մուտք գործելը, հակառակ Ռասուլ Այնի, Թել Ապիատի եւ անոնց գիւղական շրջաններուն ելեկտրականութեամբ մատակարարման: Սուրիական Կարմիր մահիկը շաբաթ օր...

Ըստ Իսրայէլեան «Ուալլա» Կայքին.  Փոմփէօ Այսօր Պիտի Այցելէ Իսրայէլ, Ապա Պիտի Ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Ըստ Իսրայէլեան «Ուալլա» Կայքին. Փոմփէօ Այսօր Պիտի Այցելէ Իսրայէլ, Ապա Պիտի Ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այսօր պիտի այցելէ Իսրայէլ, ապա պիտի ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Իսրայէլեան կայքը հաղորդեց, որ կ՛ակնկալուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ եւ Սպիտակ տան «խաղաղութեան հոլովոյթ»-ի հարցով պատուիրակ Աւի Պրոքովիչ սեպտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին այցելեն Ծոցի շրջանի շարքի մը երկիրներ: Ըստ «Ուալլա»-ի, նաեւ կը նախատեսուի, որ...

Զուիցերիան Էրտողանի Բողոքներէն Ազատելու Համար Օրէնք Կը Փոխէ

Զուիցերիան Էրտողանի Բողոքներէն Ազատելու Համար Օրէնք Կը Փոխէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին վիրաւորանք հնչեցնելու պնդումներով Անգարան պարբերաբար կը պահանջէ, որ Զուիցերիան բազմաթիւ մարդիկ դատապարտէ: Իսկ Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը այդ պահանջները շրջանցելու լուծում գտած է` փոփոխութիւն կատարել «պետութեանց ղեկավարներու անձը վիրաւորելը» քրէականացնող օրէնքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը: Կը նշուի, որ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու համար Արդարադատութեան նախարարութեան իրաւական յանձնախումբը աշխատանքներու սկսած է: Այսուհետեւ Էրտողանի...

Ս. Սոֆիայէն Ետք Պոլսոյ Մէջ Մզկիթի Վերածուած Է 6-րդ Դարու Բիւզանդական Եկեղեցին

Ս. Սոֆիայէն Ետք Պոլսոյ Մէջ Մզկիթի Վերածուած Է 6-րդ Դարու Բիւզանդական Եկեղեցին

Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղամասին մէջ գտնուող` բիւզանդական ժամանակներէն մնացած Խորայի եկեղեցին, որ Թուրքիոյ մէջ յայտնի է իբրեւ Քարիէ մզկիթ, վերաբացուած է եւ պիտի ծառայէ իբրեւ իսլամներու աղօթատեղի. Թուրքիոյ նախագահին այս որոշումը հրապարակուած է երկրի պետական «Ռեսմի Կազեթէ» կայքին վրայ: 6-րդ դարուն կառուցուած բիւզանդական եկեղեցին 1511 թուականին Պայազիտ սուլթանի սատրազամ Աթիք Ալի Փաշայի կողմէ վերածուած է մզկիթի` «Աթիք Ալի Փաշա մզկիթ» կամ...

Թուրքիա Զայրացած Է Պայտընի` Էրտողանի Վերաբերեալ Արտայայտութիւններէն

Թուրքիա Զայրացած Է Պայտընի` Էրտողանի Վերաբերեալ Արտայայտութիւններէն

Միացեալ Նահանգներ սուղ պիտի վճարեն, եթէ գործեն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն` մեկնաբանելով անցեալ տարուան դեկտեմբերին նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ նախկին փոխնախագահը մտահոգութիւն յայտնած է ներկայ վարչակազմի քաղաքականութեան վերաբերեալ: «Պայտընի Թուրքիոյ վերաբերեալ վերլուծումը հիմնուած է անթաքոյց անտեղեակութեան, ամբարտաւանութեան եւ կեղծաւորութեան վրայ: Թուրքիոյ պատուէրներ տալու օրերը...

«Զէնքի Առեւտուրի Արգելքի Ջնջումէն Ետք Մենք Զէնք Թէ՛ Պիտի Գնենք, Թէ՛ Պիտի Ծախենք»  Կ՛ըսէ Խաթամի

«Զէնքի Առեւտուրի Արգելքի Ջնջումէն Ետք Մենք Զէնք Թէ՛ Պիտի Գնենք, Թէ՛ Պիտի Ծախենք» Կ՛ըսէ Խաթամի

Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Ամիր խաթամի յայտնած է, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը զինուորական արտադրութիւն ո՛չ միայն պիտի ներածէ, այլ նաեւ պիտի արտածէ` 2015-ին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ երկրին դէմ պարտադրուած հնգամեայ զէնքի առեւտուրի արգելքի ջնջումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Իրանի պաշտպանութեան նախարարը Իրանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան ազգային օրուան առիթով ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կոչ Ուղղած Է  Անյապաղ Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի  Խնդիրին Շուրջ Առարկայական Բանակցութիւններուն

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Համաճարակը Իշխանութեան Չարաշահման Նպատակով Օգտագործելուն Դէմ Արտայայտուած Է

Համաճարակը կը յանգեցնէ հասարակական հաստատութիւններուն նկատմամբ մարդոց վստահութեան նուազման, տնտեսական անհաւասարութեան խորացման եւ իշխանութեան չարաշահման: Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես` տեսակապի միջոցով խօսք արտասանելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին: Անոր համաձայն, առողջապահական ճգնաժամի եւ մարդասիրական մարտահրաւէրներու դէմ պայքարելու համար համապարփակ մօտեցում անհրաժեշտ է: «Ուսումնասիրելով հորիզոնը` ես երեք հիմնական սպառնալիք կը տեսնեմ», ըսած է ան: Կութիերես նախ...

Էրտողան Թուրքիոյ Պատմութեան Մէջ  Սեւ Ծովուն Մէջ Բնական Կազի Մեծագոյն Դաշտի  Յայտնաբերումը Յայտարարեց

Էրտողան Թուրքիոյ Պատմութեան Մէջ Սեւ Ծովուն Մէջ Բնական Կազի Մեծագոյն Դաշտի Յայտնաբերումը Յայտարարեց

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Թուրքիոյ «պատմութեան մէջ» բնական կազի «մեծագոյն» դաշտի յայտնաբերումը յայտարարեց` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը յուսայ 2023 թուականին կազի մատակարարումը սկսիլ: Նշելէ ետք, թէ դաշտը 320 խորանարդ բնական կազ կը պարունակէ, Էրտողան ըսաւ, որ այս յայտնաբերումը գրեթէ բացառաբար արտաքին մատակարարումներէ կախեալ եղող Թուրքիոյ «ապագային համար պատմական կարեւորութիւն ունի»:

«Էրտողան Ազգայնամոլութեան  Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Եղող  Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Էրտողան Ազգայնամոլութեան Եւ Իսլամականութեան Խառնուրդ Եղող Ծաւալապաշտական Քաղաքականութիւն Կը Վարէ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Փարի Մաչ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը վարէ «ազգայնամոլութեան ու իսլամականութեան սկզբունքներու խառնուրդ եղող ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն մը, որ համահունչ չէ եւրոպական շահերուն եւ Եւրոպայի մէջ կայունութիւնը քայքայող գործօն մըն է»: Մաքրոն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ այդպիսի պայմաններու մէջ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է իրատեսական գնահատական տայ կատարուածին եւ իր շահերուն...

«Մենք Մէկ Դար Առաջ Պատռած Ենք Սեւրը,  Այսօր Ալ Միջերկրականի Մէջ Մեզի Պարտադրուիլ  Փորձուող Սեւրին Առջեւ  Գլուխ Չենք Կրնար Խոնարհեցնել»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մենք Մէկ Դար Առաջ Պատռած Ենք Սեւրը, Այսօր Ալ Միջերկրականի Մէջ Մեզի Պարտադրուիլ Փորձուող Սեւրին Առջեւ Գլուխ Չենք Կրնար Խոնարհեցնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ գրառում կատարած է Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ ինքնին Թուրքիոյ մեղքով յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ: «Մենք` իբրեւ ազգ, եթէ մէկ դար առաջ Սեւրը պատռած եւ մէկդի նետած ենք, այսօր ալ արեւելեան Միջերկրականին մէջ մեզի պարտադրուիլ փորձուող Սեւրին առջեւ գլուխ չենք կրնար խոնարհեցնել: Մեր զաւակներուն չենք կրնար յանձնել երկիր մը, որ չի կրնար...

Տաքարի Նաւահանգիստին Մէջ  2700 Թոն Ամոնիոմ Նայթրէյթ

Տաքարի Նաւահանգիստին Մէջ 2700 Թոն Ամոնիոմ Նայթրէյթ

Սենեկալցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի նաւահանգիստին մէջ այժմ պահ դրուած է Մալի ուղարկուող շուրջ 2700 թոն ամոնիոմ նայթրէյթ, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահ դրուած նոյն նիւթի չափով է: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Սենեկալեան նաւահանգիստներու իշխանութիւնները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, թէ շուրջ 3050 թոն ամոնիոմ նայթրէյթ հասած է Տաքար` աւելցնելով, որ ատոր 350 թոնը իրողապէս ուղարկուած...

«Նախագահութեանս Օրով Միացեալ Նահանգներ  Պիտի Յաղթահարեն Խաւարի Դարաշրջանը»  Կը Յայտարարէ Պայտըն

«Նախագահութեանս Օրով Միացեալ Նահանգներ Պիտի Յաղթահարեն Խաւարի Դարաշրջանը» Կը Յայտարարէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ իր նախագահութեան ընթացքին երկիրը պիտի յաղթահարէ «խաւարի դարաշրջանը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»: «Մարդոց լոյս տուէք, եւ անոնք պիտի գտնեն իրենց ուղին: Այս խօսքերը կը վերաբերին նաեւ մեր ժամանակներուն: Ներկայիս նախագահը արդէն երկար ժամանակ է` Ամերիկան խաւարի մէջ թաղած է: Չափէն աւելի յարձակողականութիւն, վախ, տարանջատում: Այստեղ եւ...

«Պաղեստինեան Հողեր Կցելու Իսրայէլեան Ծրագիրը Վերջնականապէս Մէկդի Չդրուեցաւ» Կ՛ըսէ Ֆրիտմըն

«Պաղեստինեան Հողեր Կցելու Իսրայէլեան Ծրագիրը Վերջնականապէս Մէկդի Չդրուեցաւ» Կ՛ըսէ Ֆրիտմըն

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն յայտարարեց, որ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանէն հողեր կցելու Իսրայէլի ծրագիրը «վերջնականապէս մէկդի չդրուեցաւ»: Նշենք, որ Իսրայէլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան հիմամբ խոստացաւ առկախել այդ ծրագիրը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Ուաշինկթընի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Առնչակից կողմերը ուշադրութեամբ կատարեցին բանաձեւումը, որ «ժամանակաւոր առկախում» է: Այդ ծրագիրը վերջնականապէս մէկդի չդրուեցաւ»:  

«Իսրայէլի Եւ Սուտանի Միջեւ Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Քոհեն

«Իսրայէլի Եւ Սուտանի Միջեւ Հաղորդակցութիւններ Գոյութիւն Ունին» Կ՛ըսէ Քոհեն

Ռիատ Կ՛ողջունէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ-Իսրայէլ Համաձայնութիւնը Իսրայէլի տեղեկահաւաքի հարցերու նախարար Էլի Քոհեն երէկ յայտնեց, թէ Իսրայէլի եւ Սուտանի միջեւ հաղորդակցութիւններ գոյութիւն ունին: Քոհեն, որ երկուշաբթի օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելած էր, յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ համաձայնութիւնը առաջին ծիծեռնակն է»: Ան Սուտանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին Իսրայէլի հետ թշնամութեան չգոյութեան մասին խօսքը նշելով շեշտեց, որ Արաբական ծոցի այլ երկիրներու եւ...

Պայտըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու

Պայտըն Պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածու

Դեմոկրատական կուսակցութիւնը իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս Ճօ Պայտընը առաջադրեց իբրեւ 3 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան թեկնածու: Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներ Պիլ Քլինթըն եւ Ճիմի Քարթըր «Ղեկավարութիւնը կարեւոր է» խորագիրով ընդհանուր ժողովի երկրորդ օրուան ընթացքին շեշտեցին. «Պայտըն փորձառութիւնն ու պարկեշտութիւնը ունի վերականգնելու Ամերիկան, զոր համաճարակը քանդեց»: «Պայտըն պիտի ներկայացնէ հանրապետական նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի քաոսէն ետք բնական կացութեան...

Պաքուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառուցողական  Բանակցութիւններու Սկսելու  Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար

Ազրպէյճան Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Լարուածութեան Հարցով Աջակցութիւն Կը Յայտնէ «Եղբայրական» Թուրքիոյ

Ազրպէյճան վճռականօրէն կը պաշտպանէ եղբայրական Թուրքիոյ քայլերը, որոնք պատմականօրէն կարեւոր դեր խաղցած են Միջերկրական ծովու շրջանի զարգացման գործին մէջ` հիմնուած միջազգային օրէնքի վրայ, որ ուղղուած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, եւ յոյս կը յայտնէ, որ շուտով կը լուծուի գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւան` պատասխանելով արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ գործունէութեան...

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան.  Երկրագունդի Բնակչութիւնը Հեռու Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Հաւաքական Դիմադրողականութեան Ձեւաւորումէն

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան. Երկրագունդի Բնակչութիւնը Հեռու Է «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Հաւաքական Դիմադրողականութեան Ձեւաւորումէն

Երկրագունդի բնակչութիւնը հեռու է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի այն մակարդակէն, որ անհրաժեշտ է հաւաքական դիմադրողականութեան ձեւաւորման համար: Այս կարծիքը յայտնեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը: Հաւաքական դիմադրողականութիւնը սովորաբար ձեռք կը բերուի պատուաստումներու միջոցով եւ, գիտնականներու մեծամասնութեան գնահատումով, բնակչութեան առնուազն 70 առ հարիւրը պէտք է ունենայ հակամարմիններ` բռնկումը կանխարգիլելու համար: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու ղեկավար տոքթ. Մայքըլ Ռայըն ըսած է, թէ մենք...

Թուրքիան Որոշած Է Լիպիոյ Մէջ  Ստեղծել Ծովուժի Ռազմակայան

Թուրքիան Որոշած Է Լիպիոյ Մէջ Ստեղծել Ծովուժի Ռազմակայան

Թուրքիան, Քաթարն ու Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը համաձայնագիր ստորագրած են լիպիական Միսրաթա քաղաքին մէջ թրքական ծովուժի ռազմակայան ստեղծելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա»-ն: Այդտեղ պիտի գործէ եռակողմ զինուորական համակարգման կեդրոն: Ըստ համաձայնութեան, Քաթար իր հրամանատարները պիտի ուղարկէ Լիպիա, իսկ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան զինուորներուն թրքական եւ քաթարեան զինուորական դպրոցներուն մէջ տեղեր պիտի յատկացուին:

Ալիեւ Պաշտօնազրկած Է Վրաստանի  Եւ Սերպիոյ Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանները

Ալիեւ Պաշտօնազրկած Է Վրաստանի Եւ Սերպիոյ Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանի պաշտօնէն տուն կանչած է Տուրսուն Հասանովը եւ նոր դեսպան նշանակած Ֆայիք Կուլիեւը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Կը նշուի, որ Կուլիեւ արձակած է սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնէն: Աղբիւրին համաձայն, Ալիեւ թելադրած է նաեւ Էլտար Հասանովը ազատել Սերպիոյ, Մոնթենեկրոյի եւ Պոսնիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանի պաշտօնէն: Հասանով նախորդ...

Սէուտական Արաբիա Եւ Պահրէյն Կը Պատրաստուին  Իսրայէլի Հետ Համաձայնութիւն Կնքելու

Սէուտական Արաբիա Եւ Պահրէյն Կը Պատրաստուին Իսրայէլի Հետ Համաձայնութիւն Կնքելու

Ռիատ կը փորձէ ներդրումներ ներգրաւել` տնտեսական վերափոխումը ֆինանսաւորելու համար: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ետք, Սէուտական Արաբիան ու Պահրէյնը կը պատրաստուին Իսրայէլի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ համաձայնութիւններ ստորագրելու: Թել Աւիւ եւ Ապու Տապի 13 օգոստոսին յայտարարած էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան գոյացման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապի21» կայքը: Լրատու աղբիւրին համաձայն, «մօտ օրէն» պաշտօնական...

Page 438 of 884 1 … 437 438 439 … 884

Արխիւներ