«Սուտանի Կառավարութիւնը Լիազօրուած Չէ,
Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու
Բնականոնացման Որոշում Տալու», Համտուք` Փոմփէոյի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ առաւօտեան Թել Աւիւէն Խարթում ուղղուող պաշտօնական առաջին թռիչքով հասաւ Սուտան: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով` յայտնեց.«Ուրախ եմ յայտնելու, որ կը գտնուիմ Իսրայէլէն Սուտան ուղղուող պաշտօնական առաջին թռիչքի մէջ»:
Ան հանդիպում ունեցաւ Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտուքի ու իշխող փոխանցման խորհուրդի ղեկավար զօր. Ապտելֆաթթահ Պուրհանի հետ եւ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, թէ Սուտանի ժողովրդավարական փոխանցումը «սերունդի մը համար մէկ անգամ պատահող առիթ» մըն է:
Մինչ այդ սուտանցի ժողովուրդը մեծ զայրոյթով կը մերժէ Փոմփէոյի այցելութիւնը եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը նկատէ «սուտանցի ժողովուրդի կամքին առեւանգում»:
Սուտանի կառավարութեան բանբերը յայտնեց. «Սուտանի վարչապետ Ապտալլա Համտուք Փոմփէոյի յայտնեց, թէ իր կառավարութիւնը լիազօրութիւն չունի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման որոշում որդեգրելու` աւելցնելով, որ այդ հարցը պիտի որոշուի Սուտանի փոխանցման մարմիններու կազմութենէն ետք: Սուտանի մէջ իշխող խորհուրդին ու կառավարութեան կողքին ծառայելու համար օրէնսդրական մարմին մը չէ կազմուած տակաւին:
Սալեհ յայտնեց. «Վարչապետը ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց` Սուտանը ահաբեկչութիւն հովանաւորող պետութիւններու ցուցակէն դուրս բերելու հոլովոյթը անջատելու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցէն»:
Սուտանի վարչապետը իր կարգին Փոմփէոյի հետ հանդիպումը նկատեց «ուղղակի եւ թափանցիկ»: Համտուք նաեւ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Սուտանի քաղաքային ղեկավարութեամբ փոխանցման կառավարութեան աջակցելու հարցը, եւ որ ինք Սուտանի յեղափոխութեան աջակցութեան «շօշափելի դրական քայլեր» կ՛ակնկալէ:
Միւս կողմէ` Տէյվիտ Հըրսթ «Միտըլ Իսթ Այ»-ի յատուկ տեղեկատուութեան մը մէջ յայտնեց, թէ, ըստ աղբիւրներու, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման հրաժարած է 31 օգոստոսին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպելու համար Ուաշինկթըն այցելելու ծրագիրէն` մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ այդ տեղեկութիւնը սպրդած է եւ Ուաշինկթընի մէջ իր ներկայութիւնը կրնայ «մտատանջութեան» վերածուիլ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Փոմփէօ յայտնած է, թէ Սուտանը ահաբեկչութիւն հովանաւորող երկիրներու ցանկէն դուրս բերելը երկու երկիրներուն համար առաջնահերթութիւն է:
Փոմփէօ Խաղաղութեան
Շրջանային Ժողով Մը Կը Ծրագրէ
Էմիրաթցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» (Իսրայէլ Այսօր «Ա.») օրաթերթին յայտնած է, թէ Փոմփէօ կը ծրագրէ յառաջիկայ շաբաթներուն կազմակերպել խաղաղութեան շրջանային խորհրդաժողով մը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն պատգամներ փոխանցած է Պաղեստինեան իշխանութեան, թէ «իրենք հետաքրքրուած են խորհրդաժողովին պաղեստինեան մասնակցութեամբ»:
Էմիրաթցի պաշտօնատարը իսրայէլեան օրաթերթին յայտնած է, թէ խորհրդաժողովը պիտի գումարուի Արաբական Ծոցի իշխանութիւններէն մէկուն մէջ եւ ատոր պիտի մասնակցին Պահրէյնը, Օմանը, Մարոքը, Սուտանը, Չատը եւ Իսրայէլը:
Իսրայէլեան «Ժերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, թէ Փոմփէօ յայտնած է. «Կը յուսամ, որ օր մը Իրան կը հասնի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման»:
Ան օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Անխուսափելի է, որ Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրները, որոնց շարքին նոյնիսկ Իրանը, օր մը պիտի հասնի փոխհասկացողութեան, որ ի նպաստ Իսրայէլի պետութեան հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման է»:
«Կը նախատեսեմ, որ իրապէս պիտի գայ օրը, երբ աշխարհը Իսրայէլը պիտի նկատէ հրէական օրինական հայրենիք, եւ ատիկա այստեղ պիտի ըլլայ», նշած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: