Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Սուտանը, Պահրէյնը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ներառող իր միջինարեւելեան շրջապտոյտին սկսաւ այցելելով Իսրայէլ, ուր Թել Աւիւի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Վերջինս հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Փոմփէօ Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլի զինուորական գերակայութիւնը պահպանելու վերաբերեալ մտավախութիւնս փարատեց»` աւելցնելով. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը կը ներառէ որեւէ զէնքի գործարքի իսրայէլեան համաձայնութիւն»:
«Նոյնիսկ եթէ Ուաշինկթընի եւ Ապու Տապիի միջեւ զէնքի գործարքի մը քննարկում գոյութիւն ունի: Շրջանին մէջ այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններուն յառաջ մղումը կը մնայ առաջնահերթ: Կը յուսանք, թերեւս մօտիկ ապագային լաւ լուրեր լսել», նշեց ան:
Փոմփէօ իր կարգին յայտնեց, որ «մենք կը սերտենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն իրենք զիրենք Իրանէն պաշտպանելու համար կարիք ունեցած սպառազինութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը»` նշելով. «Ատիկա պիտի ընենք պահպանելով Իսրայէլի տեսակարար գերակայութիւնը»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրաւաբանականօրէն պարտաւորուած են պահպանել շրջանին մէջ իսրայէլեան բանակի տեսակարար գերակայութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Ճարետ Քուշներ մէկ օր առաջ «Սի.Էն.Էն.»¬ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր. «Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ խաղաղութեան վերջին համաձայնութիւնը պէտք է աճեցնէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ամերիկեան «Էֆ-35» օդանաւեր ծախելու հաւանականութիւնը, սակայն ատիկա բան մըն է, որ կը սերտենք»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Փոմփէոյի միջինարեւելեան շրջապտոյտի ժամանակացոյցը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ ան Իսրայէլէն ուղղակի պիտի մեկնի Սուտան` փորձելով երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները յառաջ մղել: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, ան նաեւ պիտի այցելէ Օման եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փոմփէօ Սուտանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուտանի վարչապետին եւ փոխանցման գերիշխանական խորհուրդի նախագահին հետ եւ իր աջակցութիւնը յայտնէ Սուտանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու խորացման:
Փոմփէօ Մանամայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Պահրէյնի գահաժառանգ Սալման պըն Համատ Ալ Խալիֆայի հետ, ապա իր շրջապտոյտը աւարտէ Ապու Տապիի մէջ` հանդիպում ունենալով իր էմիրաթցի պաշտօնակից շէյխ Ապտալլա պըն Զայետի հետ` քննարկելու համար Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Մոսատի ղեկավար Եոսի Քոհենի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Իրանի եւ Հըզպալլայի թղթածրարները: