Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Եւ Միջազգային Դաշինքի Ուժերը Հեռացան Իրաքեան Թաժի Ռազմակայանէն

Օգոստոս 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան բանակի միացեալ գործողութիւններու հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Միջազգային դաշինքի ուժերէն ստանձնած է Թաժիի մէջ գտնուող թիւ 8 ռազմակայանը:

Իրաքեան բանակի միացեալ գործողութիւններու հրամանատարութեան բանբեր հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Խաֆաժի իրաքեան լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ռազմակայանը նշեալ դիրքը Միջազգային դաշինքի ուժերուն կողմէ կ՛օգտագործուէր իրաքցի զինուորներու մարզումին, վերասարքաւորման ու վերապատրաստման համար` նշելով, որ այդ դիրքը պիտի յատկացուի իրաքեան ապահովական ուժերուն:

Խաֆաժի աւելցուց, որ մնացեալ դիրքերը իրաքեան կողմին պիտի յանձնուին ժամանակացոյցի մը հիմամբ:

Նշենք, որ ամերիկեան գումակային ուժերու շարասիւն մը շաբաթ օր Պաղտատի արեւմուտքը գտնուող Ղազալիէ շրջանին մէջ թիրախ դարձաւ ականահարումի, երբ կը հեռանար Թաժի ռազմակայանէն: Պայթումի ձայնը լսուեցաւ իրաքեան մայրաքաղաքին մէջ:

Թաժի ռազմակայանը բազմիցս թիրախ դարձած է «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով յարձակումի, մասնաւորաբար մարտին, երբ տասը հրթիռներ հարուածեցին ռազմակայանը` սպաննելով երկու ամերիկացի եւ մէկ բրիտանացի զինուորներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորելով տարբեր ազգերու պատկանող տասը այլ զինուորներ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են երեք տարիներու ընթացքին Միջազգային դաշինքի ուժերուն Իրաքէն արագ դուրս բերման:

Նախորդը

Ցուցարարներ Զի Քարի Մէջ Հրկիզեցին Իրանամէտ Ուժերու Կեդրոններ

Յաջորդը

Թուրքիա Եւ Ռուսիա «Էս-400»-ներու Շուրջ Նոր Համաձայնութիւն Ստորագրած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպացի Ղեկավարները Շատ  Կը Խօսին, Սակայն Ոչինչ Կ՛ընեն, Եւ Ուքրանիոյ  Պատերազմը Անվերջ Կը Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպացի Ղեկավարները Շատ Կը Խօսին, Սակայն Ոչինչ Կ՛ընեն, Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմը Անվերջ Կը Շարունակուի»

Դեկտեմբեր 10, 2025
Ռուսական Ծովուժի Ընդհանուր  Հրամանատարը Կը Յայտարարէ.  «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Հիւսիսային  Բեւեռին Մէջ Հաւանական Զինուորական  Բախումի Մը Կը Պատրաստուին»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Ծովուժի Ընդհանուր Հրամանատարը Կը Յայտարարէ. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ Հաւանական Զինուորական Բախումի Մը Կը Պատրաստուին»

Դեկտեմբեր 10, 2025
Ասատով. «Մօտ Ապագային Զանգեզուրի  Միջանցքը Կարեւոր Դեր Պիտի Խաղայ»
Միջազգային

Ասատով. «Մօտ Ապագային Զանգեզուրի Միջանցքը Կարեւոր Դեր Պիտի Խաղայ»

Դեկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?