Միջազգային

Թուրքիան Երկարաձգած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Երկրաբանական-Հետախուզական Աշխատանքներու Ժամկէտը

Թուրքիան Երկարաձգած Է Միջերկրական Ծովուն Մէջ Երկրաբանական-Հետախուզական Աշխատանքներու Ժամկէտը

Թուրքիան որոշած է երկարաձգել Միջերկրական ծովուն մէջ իր կողմէ կատարուող երկրաբանական-հետախուզական աշխատանքներու ժամկէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Գործակալութեան տուեալներով` Անգարա հրապարակած է «Նաւթեքս»-ի նոր ծանուցագիր, որուն համաձայն, «Օրուչ Ռէյիս» նաւը արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ 12 սեպտեմբեր, երբ կը սպասուէր, որ այդ աշխատանքները աւարտին 1 սեպտեմբերին: Կը նշուի, որ նաւը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ...

Թել Աւիւի Մէջ Երկաթուղիի Ծրագիրի Գործադրման Ընթացքին Իսլամական Գերեզմանատուն Յայտնաբերուած Է

Թել Աւիւի Մէջ Երկաթուղիի Ծրագիրի Գործադրման Ընթացքին Իսլամական Գերեզմանատուն Յայտնաբերուած Է

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Թել Աւիւի մէջ թեթեւ գնացքի երկաթուղիի հաստատման ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին հին գերեզմաններ յայտնաբերած են: Նախաաղէտեան պաղեստինեան պատմութեան մասնագէտներ յայտնեցին, թէ Թել Աւիւի կեդրոնը յայտնաբերուած գերեզմանները 1948-ին տեղահանուած Սամմայլ գիւղին մէջ են: Աղբիւր մը «Հաարեց»-ին յայտնած է, թէ գերեզմանները, ըստ երեւոյթին, հրէական չեն: Իշխանութեան մէջ գործողներ իրենց կարգին նշեցին, թէ յայտնաբերուած գերեզմանները ՆՔ 333...

Օգտագործելէ Ետք Սէուտական Օդային Տարածքը.  Իսրայէլեան «Էլ Ալ» Օդանաւային Ընկերութեան Օդանաւը Էջք Կատարեց Ապուի Տապի

Օգտագործելէ Ետք Սէուտական Օդային Տարածքը. Իսրայէլեան «Էլ Ալ» Օդանաւային Ընկերութեան Օդանաւը Էջք Կատարեց Ապուի Տապի

Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան յայտարարութենէն շուրջ երկու շաբաթ ետք իսրայէլեան եւ ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւններ երէկ հասան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապի: Երկու պատուիրակութիւնները Թել Աւիւէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ փոխադրող իսրայէլեան «Էլ Ալ» օդանաւային ընկերութեան թիւ 971 թռիչքը անցաւ Սէուտական Արաբիոյ օդային տարածքէն: Ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու...

Ըստ «Մայատին»-ի.  Սէուտցի Զինուորներ Մուտք Գործած Են  Հասաքէի Մէջ Շատատի Ռազմակայան

Ըստ «Մայատին»-ի. Սէուտցի Զինուորներ Մուտք Գործած Են Հասաքէի Մէջ Շատատի Ռազմակայան

Իրաքի Թաժի ռազմակայանէն ամերիկեան ուժերու հեռանալէն օրեր ետք, շուրջ 20 սէուտցի զինուորներ Մասհուտ Ժաղաֆի անունով սէուտցի սպայի մը ղեկավարութեամբ մուտք գործած են Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Շատատի ռազմակայան: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Սէուտցի զինուորներ չորեքշաբթի օր Շատատի ռազմակայան մուտք գործած են` ընկերակցութեամբ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի շարասիւնի մը, որ հեռացած էր Իրաքի մէջ Թաժի ռազմակայանէն:...

Լիպիոյ Հարցին Մէջ Համագործակցութիւնը  Ուժեղացնելու Շուրջ  Եգիպտոս-Յորդանան-Իրաք Համաձայնութիւն

Լիպիոյ Հարցին Մէջ Համագործակցութիւնը Ուժեղացնելու Շուրջ Եգիպտոս-Յորդանան-Իրաք Համաձայնութիւն

25 օգոստոսին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած է վեհաժողով մը, որուն մասնակցած են տարբեր պետութիւններու առաջին դէմքերը: Վեհաժողովի ընթացքին քննարկուած են Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները: Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմին համաձայնութիւն գոյացուցած են ներլիպիական ճգնաժամին շուրջ համագործակցութեան եւ համակարգման ամրապնդման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Եգիպտոսի նախագահի մամլոյ...

«Եթէ Թուրքիան Միջերկրականի Մէջ  Իր Կեցուածքէն Ետդարձ Չկատարէ, Կրնանք Անոր Դէմ  Տնտեսական Պատժամիջոցներ Հաստատել»  Կ՛ըսէ Պորել

«Եթէ Թուրքիան Միջերկրականի Մէջ Իր Կեցուածքէն Ետդարձ Չկատարէ, Կրնանք Անոր Դէմ Տնտեսական Պատժամիջոցներ Հաստատել» Կ՛ըսէ Պորել

Մաաս. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Աւելի Քան Լարուած Են» Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել նշեց. «Եթէ Թուրքիան արեւելեան Միջերկրականի հարցով իր յամառ կեցուածքէն ետդարձ չկատարէ, կրնանք անոր դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել»` հաստատելով «եւրոպական պետութիւններուն արեւելեան Միջերկրականի մէջ միասնականութիւնը, եւ պէտք է հասնիլ լուծումի մը, որ կ՛երաշխաւորէ մեր շահերը»: Պորել նշեց, թէ «Թուրքիոյ դէմ զսպիչ քայլերը կրնան նաւերու նման ներուժներ թիրախաւորել»:...

Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան  Թեկնածուն Դառնալէ Ետք.  Թրամփ Իր Խօսքին Մէջ Դեմոկրատական  Կուսակցութիւնը «Արմատական Շարժում» Կոչած Է,  Ինքզինք Լինքըլնին Համեմատած  Եւ Սիւլէյմանիի Անունը Սխալ Արտասանած

Պաշտօնապէս Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածուն Դառնալէ Ետք. Թրամփ Իր Խօսքին Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը «Արմատական Շարժում» Կոչած Է, Ինքզինք Լինքըլնին Համեմատած Եւ Սիւլէյմանիի Անունը Սխալ Արտասանած

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս համաձայն գտնուած է իր թեկնածութիւնը առաջադրելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին եւ իր արտասանած խօսքին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը «արմատական շարժում» կոչած է եւ ինքզինք համեմատած Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Իմ սիրելի՛ ամերիկացիներ, այսօր երախտագիտութեամբ եւ անսահման լաւատեսութեամբ լեցուն սրտով ես Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին իմ...

Թուրքիոյ Պահանջով Արգիլուած Է  Վրացական Ազգային Տօնը

Թուրքիոյ Պահանջով Արգիլուած Է Վրացական Ազգային Տօնը

Վրացի քաղաքագէտ Տաւիտ Քուփաթածէ «Տալմա.նիուզ» քառալեզու կայքին վրայ «Տիտկորոպա» 2020. վրացական ժողովրդական տօնը արգիլուա՞ծ է» վերնագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Օգոստոս 12-ը շատ յատուկ թուական է Վրաստանի բնակչութեան համար: 1121 թուականին այս օրը վրացական ականաւոր քաղաքական գործիչ Դաւիթ Դ. արքան, որուն մականունն էր Ակմաշենեպելի (Շինարար), Տելտորի ճակատամարտին մէջ ջախջախեց իր բանակին բազմիցս գերազանցող սելճուք-թուրքերու բանակը: Այս ճակատամարտը ճակատագրական էր...

Փոմփէօ. «Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Պիտի Վերականգնին 20 Սեպտեմբերի Կէս Գիշերին»

Փոմփէօ. «Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Պիտի Վերականգնին 20 Սեպտեմբերի Կէս Գիշերին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Թուիթըր»-ի ճամբով յայտարարեց. «Իրանի դէմք պատժամիջոցները պիտի վերականգնին 20 սեպտեմբերի կէս գիշերին»: «Եթէ ՄԱԿ-ի անդամներէն մէկը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մեղմացումը շարունակելու նախագիծ մը, Միացեալ Նահանգերը ատոր պիտի ընդդիմանան, եւ եթէ որեւէ նախագիծ չներկայացուի, ապա 20 սեպտեմբերին Իրանի դէմ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին: Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 որոշումը այդպէս կը գործէ», դիտել...

Փոմփէօ. «Օմանի Սուլթանին Հետ Քննարկեցի Խաղաղութեան Կառուցումը` Միացեալ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Ճամբով»

Փոմփէօ. «Օմանի Սուլթանին Հետ Քննարկեցի Խաղաղութեան Կառուցումը` Միացեալ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Ճամբով»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իսրայէլի հետ արաբական երկիրներուն յարաբերութիւններու բնականոնացումը քաջալերելու նպատակով ձեռնարկած միջինարեւելեան իր շրջապտոյտի վերջաւորութեան երէկ այցելել Օման, ուր հանդիպում ունեցաւ Օմանի սուլթան Հայսամ պըն Թարեքի հետ: Փոմփէօ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Այսօր հանդիպում ունեցայ Օմանի սուլթան Հայսամ պըն Թարեք Ալ Սայիտի հետ` քննարկելու համար Միացեալ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին ճամբով խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում կառուցելու կարեւորութիւնը»:...

Ռուսական Եւ Ամերիկեան Ուժերու Միջեւ «Ճակատում» Հասաքէի Մէջ

Ռուսական Եւ Ամերիկեան Ուժերու Միջեւ «Ճակատում» Հասաքէի Մէջ

Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հասաքէի մէջ ամերիկեան ուժերուն պատկանող շարք մը զրահապատ մեքենաներ չորեքշաբթի օր փորձած են արգելք հանդիսանալ ռուսական զինուորական ոստիկանութեան շարք մը զրահապատ մեքենաներու, որոնք սովորական հսկողութիւն կը կատարէին, սակայն ռուսական ուղղաթիռի մը միջամտութենէն ետք անոնց փորձը ձախողութեան մատնուած է: Ռուսական բանակի ուղղաթիռը քանի մը մեթր բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած է ամերիկեան անցարգելին վերեւ, որուն պատճառով...

Թրամփ Մտահոգ Է.   Թրամփ-Էրտողան Եւ Թրամփ-Միցոթաքիս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ` Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրք-Յունական Լարուածութեան Մասին

Թրամփ Մտահոգ Է. Թրամփ-Էրտողան Եւ Թրամփ-Միցոթաքիս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ` Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրք-Յունական Լարուածութեան Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր` նաեւ շրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար արեւելեան Միջերկրականի մէջ թուրք-յունական լարուածութիւնը: Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան չի զբաղիր տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապակայունացմամբ, եւ որ թրքական իշխանութիւնները լարուածութիւնը մեղմացնելու ու երկխօսութիւն կատարելու ուղղութեամբ ջանքեր ի գործ դրած են: Աւելի ուշ Սպիտակ...

Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա Եւ Իտալիա Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն Կիպրոսի Հարաւը

Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա Եւ Իտալիա Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն Կիպրոսի Հարաւը

Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա եւ Իտալիա չորեքշաբթի օր սկսած են օդուժի եւ ծովուժի ռազմափորձերու` Կիպրոսի հարաւը: Ռազմափորձերը, որոնք ստացած են «Եունոմիա» անունը, կը կատարուին 26-28 օգոստոսին եւ կը հանդիսանան չորս երկիրներու համագործակցութեան մէկ մասը` են` Միջերկրական ծովի շրջանին մէջ աճող լարուածութիւնը յաղթահարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ յունական «Էքաթիմերինի»-ն: Յայտարարութեան մէջ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանակիոթոփուլոս նշած է. «Այս նախաձեռնութեան նպատակն...

Թուրքիա Յայտարարեց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի Հարցով Միացեալ Գործողութիւններու Կեդրոնի Աշխատանքի Մեկնարկը

«Եթէ Մեր Սահմանները Խախտէք, Ապա Մեր Պատասխանը Յայտնի Է, Սակայն Երկխօսութեան Կը Զօրակցինք», Յունաստանին Կ՛ըսէ Աքար

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնած է. «Թուրքիոյ եւ Յունաստանի խնդիրներու լուծումը մեր միջեւ հանդիպումին ու երկխօսութեան ճամբով կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ Ֆրանսային ու Եւրոպական Միութեան դիմելով»: «Մեր կողմէ ֆրանսական նաւը նեղելու վերաբերեալ պնդումներուն ոչ ճիշդ ըլլալը հաստատուեցաւ, եւ Փարիզ պէտք է ներում հայցէ», շեշտեց ան: «Եթէ մեր սահմանները խախտէք, մեր պատասխանը յայտնի է,...

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իրաք

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իրաք

Իրաքի Նախագահը Կը Շեշտէ Միջազգային Օրէնքները Խախտող Թրքական Զինուորական Ոտնձգութիւններու Դադրեցման Կարեւորութիւնը Իրաքի նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնը եւ տարբեր մարզերու մէջ, մասնաւորաբար ապահովական գործակցութեան ու Իրաքի զինուորական կարողականութեան աճեցման մէջ...

«Չինաստանի Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակելը Մեզ Չի Վախցներ», Կ՛ըսէ Պիլինկսլի

«Չինաստանի Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակելը Մեզ Չի Վախցներ», Կ՛ըսէ Պիլինկսլի

Հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման բանակցութիւններուն ամերիկացի պատուիրակ Մարշըլ Պիլինկսլի յայտնեց, որ Չինաստան շատ կը սխալի, եթէ կը կարծէ, թէ Հարաւային Չինական ծովու մէջ թեւաւոր հրթիռներ արձակելը կրնայ վախցնել Միացեալ Նահանգները: Չորեքշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ Չինաստան չորեքշաբթի առաւօտեան երկու թեւաւոր հրթիռներ արձակած է Հարաւային Չինական ծովու ուղղութեամբ: Պիլինկսլի նախապէս յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրեն շարք մը ասիական երկիրներու...

Թուրքիա. «Սեւ Ծովուն Մէջ Յայտնաբերուած Կազը Կրնայ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ Նոր Գործակցութեան Առաջնորդել»

Թուրքիա. «Սեւ Ծովուն Մէջ Յայտնաբերուած Կազը Կրնայ Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ Նոր Գործակցութեան Առաջնորդել»

Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարեց. «Սեւ ծովուն մէջ յայտնաբերուած բնական կազը կրնայ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ նոր գործակցութեան առաջնորդել»: Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթեհ Տէօնմեզ իր կարգին շեշտեց, թէ Սեւ ծովուն մէջ վերջերս յայտնաբերուած բնական կազը իր երկրի հողերուն հասցնելու ծախսերը ներածուած կազի ծախսէն նուազ են: «Արտահանուած կազը Սեւ ծովէն Թուրքիա բերելը 200 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարի պիտի կարօտի», նշեց ան:

Փոմփէօ Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց

Փոմփէօ Պահրէյն Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ միջինարեւելեան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելեց Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Փոմփէօ յայտարարեց, որ Պահրէյնի գահաժառանգին հետ քննարկած է շրջանային կայունութեան ու Ծոցի միասնականութեան վերաբերող հարցեր: Ան նաեւ նշեց, որ պէտք է օգտուիլ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնութեան խթանէն: Ան Մանամայի մէջ բանակցութիւններ վարեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման...

Իսրայէլ Կը Մերժէ Միջինարեւելեան Երկիրներու «Էֆ-35»-ի «Մինչեւ Իսկ Մէկ Պտուտակ» Վաճառելը

Իսրայէլ Կը Մերժէ Միջինարեւելեան Երկիրներու «Էֆ-35»-ի «Մինչեւ Իսկ Մէկ Պտուտակ» Վաճառելը

Իսրայէլի բնակեցման վայրերու հարցերու նախարար, Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Ցահի Հանիկպի «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ դէմ է Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ պետութեան, ներառեալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչի «մէկ պտուտակ» վաճառելուն: Նախքան այդ հաղորդուած էր Ապու Տապիին «Էֆ-35»-ներ ծախելու յստակ ծրագիրի մը մասին: «Մենք դէմ ենք ռատարներէ չնշմարուելու կարողութիւն ունեցող օդանաւերու նոյնիսկ մէկ պտուտակ ծախելուն միջինարեւելեան որեւէ...

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Հասաքէի Մէջ Ջուրը Իբրեւ Պատերազմի Զէնք Օգտագործել Շարունակելէ

Սուրիա Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Հասաքէի Մէջ Ջուրը Իբրեւ Պատերազմի Զէնք Օգտագործել Շարունակելէ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց թրքական վարչակարգին գործած` Հասաքէ քաղաքի ու անոր մերձակայքի աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի քաղաքացիները ջուրէ զրկելու «շարունակուող ոճիրը»: «Թրքական վարչակարգն ու անոր կամակատարները` ամերիկեան վարչակարգին օրհնութեամբ, ջուրը իբրեւ պատերազմի զէնք օգտագործեց սուրիացի քաղաքայիններու, ներառեալ` կիներու, մանուկներու եւ ծերերու դէմ», իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց նախարարութիւնը` նշելով. «Ասիկա միջազգային մարդասիրական օրէնքին եւ Ժընեւի համաձայնութիւններուն հիմամբ պատերազմի...

Page 436 of 884 1 … 435 436 437 … 884

Արխիւներ