Երէկ, Դամասկոսի գիւղական շրջանի Տումէյր եւ Ատրա շրջաններուն միջեւ Արաբական կազի խողովակաշարին վրայ պատահեցաւ պայթում մը, որ Սուրիան զրկեց ելեկտրականութենէն:
Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Ղանեմ յայտնեց, որ երէկ արշալոյսին Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Տումէյր եւ Ատրա շրջաններուն միջեւ Արաբական կազի խողովակաշարին վրայ պատահած պայթումը ահաբեկչական արարք մըն է:
Ան յայտնեց, որ որոշ աշխատանքներէ ետք կարելի եղած է վերստին Նասիրիա եւ Ժատար ելեկտրակայաններուն կազ մատակարարել, ուստի եւ ելեկտրականութեան հոսանքի մատակարարումը քիչ առ քիչ վերականգնուած է:
Ան նշեց, որ պայթումին պատճառով յառաջացած հրդեհը մարելէ ետք ճարտարապետական ծանր մեքենաներ պիտի հասնին դէպքի վայր եւ խողովակաշարին վնասուած բաժինները նորերով պիտի փոխարինեն:
Ելեկտրականութեան նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Զուհէյր Խարպութլի իր կարգին յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մատակարարումը սկսած է սուրիական նահանգներուն եւ Դամասկոսի կեդրոնին մէջ մասնակիօրէն վերականգնիլ:
Խարպութլի աւելցուց, որ պայթումը իր տեսակին մէջ 6-րդն է:
Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի հաւանական նկատեց, որ ՏԱՀԵՇ կը կանգնի Սուրիոյ մէջ Արաբական կազի խողովակաշարին դէմ յարձակումին ետին: