Միացեալ Նահանգներու Ուիսքանսըն նահանգի մէջ ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ դրաւ արցունքաբեր կազով, ինչպէս նաեւ` Ազգային պահակագունդը կանչելով:
Նահանգի Քինոշա քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կողմէ ափրիկեցի-ամերիկացիի մը իր երեխաներուն աչքին առջեւ սպանութենէն ետք` երկուշաբթի օրուընէ ընթացք առած բողոքի ցոյցերը չեն դադրիր: Երկու օր առաջ նոյնպիսի դէպք մը արձանագրուած էր Լուիզիանայի մէջ:
Նահանգի կառավարիչ Թոնի Էվըրզ յայտնեց, թէ սպաննուած քաղաքացիին անունը Ճէյքըպ Պլէյք է` նշելով. «Ոչ մէկ բանէ վստահ ենք, բացի անկէ, թէ առաջին սեւամորթ քաղաքացին չէ, որ անվտանգութեան եւ իրաւապահ ուժերուն կողմէ կրակոցի ենթարկուելով կը վիրաւորուի կամ անողոքաբար կը սպաննուի ըլլայ այդ մեր նահանգին կամ ընդհանապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ»:
Հարիւրաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան ոստիկանութեան կեդրոնատեղիին առջեւ եւ ոստիկանութիւնը քարկոծեցին ու անոնց վրայ քոքթել մոլոթովներ նետեցին, ինչպէս նաեւ կարգ մը ինքնաշարժեր հրկիզեցին:
Հարիւրաւոր ցուցարարներ նաեւ քայլարշաւներ կատարեցին` բացագանչելով.«Պիտի չնահանջենք»: Քաղաքին մէջ գիշերը կրակմարի դրութիւն հաստատուեցաւ: