«Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Երկխօսութիւնը Վճռորոշ Դեր Ունեցաւ Շրջանային Բազմաթիւ Խնդիրներու Լուծման Մէջ» Ըսած Է Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր Թուրք-իրանեան համագործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի տեսաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ երկխօսութիւնը վճռորոշ դեր ունեցաւ շրջանային բազմաթիւ խնդիրներու լուծման մէջ: Ես վստահ եմ, որ մեր գործակցութիւնը համաճարակի («Քորոնա» ժահրին «Ա.») նահանջով պիտի վերադառնայ իր նախկին մակարդակին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ան յոյս յայտնած է, որ...




















