Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութեան` Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Ճօ Պայտըն Աշխատանքի ամերիկեան դաշնակցութեան նախագահ Ռիչըրտ Թրումքայի հետ առցանց հանդիպումի ընթացքին խոստացած է ըլլալ «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն ուժեղ աշխատաւորական նախագահը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ը:
«Դուք կրնաք վստահ ըլլալ, որ «միութիւն» բառը շատ պիտի լսէք, եթէ ես ըլլամ Սպիտակ տան մէջ: Եթէ պատիւ ունենամ ձեր նախագահը դառնալ, պիտի ըլլամ ամէնէն ուժեղ աշխատաւորական նախագահը, որ երբեւէ ունեցած էք», ըսած է Պայտըն:
Նախկին փոխնախագահը նաեւ անդրադարձած է գործող նախագահ Թրամփի` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին զոհուած ամերիկացիները «անյաջողակներ» կոչելուն մասին տեղեկութեան` զայն կոչելով «բացարձակ հակաամերիկեան»:
Պայտըն անթոյլատրելի որակած է «մեր ազգին համար ծառայած, իրենց կեանքը վտանգած եւ զոհուած ամերիկացիները «անյաջողակներ» կոչելը»` յիշատակելով իր հանգուցեալ աւագ որդին` Իրաքի պատերազմի վեթերան Պօ Պայտընը:
«Իմ Պոս անյաջողակ չէր», ըսած է ան:
Նախապէս լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ 2018-ին Ֆրանսա գտնուելուն ընթացքին Թրամփ ջնջած էր ամերիկացի զինուորներու գերեզման այցելելը: «Աթլանթիք» ամսագիրը, յղում կատարելով անանուն աղբիւրներու յայտարարութիւններուն, նշած է, որ Թրամփ չերթալը պատճառաբանած է անով, որ այդ գերեզմանատունը «անյաջողակներով» լեցուն վայր է: Աւելի ուշ, Տանըլտ Թրամփ հերքած էր այդ լուրերը: