Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են Միջերկրական ծովու արեւելքը առկայ իրավիճակն ու Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Թուրքիոյ կապի եւ հաղորդակցութեան նախարարութեան։
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Էրտողան նշած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է «արդարօրէն կատարէ Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան քանի մը անդամ երկիրներուն՝ Միջերկրական ծովուն արեւելքը կացութիւնը սրելու քայլերու կանխարգիլման իր պարտաւորութիւնները»։
Թուրքիոյ ղեկավարը նաեւ ընդգծած է, թէ եւրոպացի քաղաքական գործիչներու «սադրիչ խօսքերն ու քայլերը պիտի չծառայեն հարցի լուծման, իսկ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը պիտի դառնայ անկեղծութեան ստուգում միջազգային իրաւունքի եւ շրջանային խաղաղութեան տեսանկիւնէն»։
Էրտողան Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն եւ անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է՝ շրջանային բոլոր հարցերուն մէջ, մասնաւորաբար Միջերկրական ծովու արեւելքը, մնալու արդար, անկողմնակալ, առարկայական եւ պատասխանատու։