Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Փոխնախագահը Մահափորձէ Փրկուեցաւ

Սեպտեմբեր 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աֆղանիստանի փոխնախագահ Ամրալլա Սալեհ երէկ մահափորձէ փրկուեցաւ, երբ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ պայթում մը թիրախ դարձուց իր շքախումբը:

Պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 2 մահեր եւ 7 վիրաւորներ:

Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ աֆղանական մայրաքաղաքը ցնցած պայթումը չորեքշաբթի առաւօտեան Սալեհի` իր տունէն հեռանալու ընթացքին կատարուած անձնասպանական գործողութիւն մըն էր:

Աֆղանիստանի փոխնախագահը յայտնեց, որ թեթեւօրէն վիրաւորուած է ձեռքէն: Թալեպան շարժումը հերքեց պայթումին հետ որեւէ կապ ունենալը:

Սալեհի բանբեր Ռատուան Մուրատ յայտնեց, որ ռումբը պայթած է մայրաքաղաքի Թայմանի շրջանի ճամբեզրին` թիրախ դարձնելով Սալեհը, սակայն վերջինս փրկուած է եւ չէ վնասուած:

Մուրատ Դիմատետրի վրայ գրեց. «Այսօր Աֆղանիստանի թշնամիները անգամ մը եւս փորձեցին վնասել Սալեհին, սակայն ձախողեցան իրենց չար նպատակին հասնելու, եւ Սալեհ անվնաս դուրս եկաւ յարձակումէն»:

Ան նաեւ նշեց, որ Աֆղանիստանի փոխնախագահի շքախումբին մաս կազմող կարգ մը պահակներ վիրաւորուած են:

Յարձակումը տեղի ունեցաւ, մինչ կ՛ակնկալուի, որ աֆղանական կառավարութենէն եւ Թալեպան շարժումէն բանագնացներ Քաթարի մէջ խաղաղութեան աննախադէպ բանակցութիւններու սկսին:

 

Նախորդը

Մանտելայի Հասցէին Անոր Արտայայտութեան Համար Ափրիկեան Ազգային Քոնկրես Կուսակցութիւնը Թրամփը Նկատած Է «Ամերիկայի Նախագահի Պաշտօնը Վարած Ամէնէն Վտանգաւոր Եւ Անյարգալից Մարդը»

Յաջորդը

Թրամփ. «Ամերիկան Հեռու Պիտի Պահենք Արտաքին Անհեթեթ Պատերազմներէն, Որոնք Վերջ Չունին»

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?