Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրած է Քոսովոն՝ միջազգային իրաւունքի խախտման մէջ՝ Երուսաղէմի մէջ դեսպանութիւնը բանալու անոր որոշումին առնչութեամբ։ Նախարարութիւնը այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած է։
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար, կը նշուի. «Հիասթափեցնող է այն իրողութիւնը, որ Քոսովոյի իշխանութիւնները կը քննարկեն այնպիսի քայլ մը, որ միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում պիտի ըլլայ»։
Նշենք, որ Թուրքիան առաջիններէն մէկն է, որ ճանչցած է Քոսովոն եւ մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ անոր միջազգային ճանաչման ջանքերուն։