ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրներ Ծովային Գործողութիւն Պիտի Կատարեն Հեռաւոր Հիւսիսի Մէջ
ՕԹԱՆ-ի անդամ քանի մը երկրի ծովուժերը Հեռաւոր Հիւսիսի մէջ գործողութիւն պիտի կատարեն` շրջանին մէջ նաւարկման ազատութեան իրենց հաւատարմութիւնը ցոյց տալու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Բրիտանիոյ ծովուժի տարածած հաղորդագրութեան: Կը նշուի, թէ բրիտական հրամանատարութեան տակ կատարուելիք գործողութեան պիտի մասնակցին Բրիտանիոյ 23 «Սատըրլանտ» տեսակի յածանաւ, «Թայտսփրինկ» տեսակի լցանաւ, Միացեալ Նահանգներու ծովուժի «Արլի Պերք» տեսակի...




















