Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Թրամփէն Պահանջեց Պաղեստինցիներու Համար Մնայուն Եւ Արդար Լուծում Գտնել

Սեպտեմբեր 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ըսած է, թէ թագաւորութիւնը կþուզէ հասնիլ պաղեստինեան խնդիրի արդարացի եւ մնայուն լուծման, որ թագաւորութեան առաջարկած Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան հիմնական ելակէտն է։ Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը՝ յղում կատարելով Սէուտական Արաբիոյ պետական լրատու գործակալութեան։

Երկու ղեկավարներուն, միջեւ հեռաձայնային զրոյցը կայացած է անցեալ ամիս՝ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կնքուած պատմական համաձայնութենէն ետք, ըստ որուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները համաձայնած են Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն ետք դառնալ երրորդ արաբական պետութիւնը, որ կը կարգաւորէ Իսրայէլի հետ կապերը։

Սալման թագաւորը Թրամփին յայտնած է, որ բարձր կը գնահատէ խաղաղութեան սատարելու Միացեալ Նահանգներու ջանքերը, եւ որ Սէուտական Արաբիան կþուզէ Պաղեստինի հիմնահարցի արդարացի ու մնայուն լուծում գտնել՝ հիմնուելով արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան վրայ, որ առաջարկուած է թագաւորութեան կողմէ 2002 թուականին։

Ըստ նախաձեռնութեան, արաբական երկիրները Իսրայէլին առաջարկած են յարաբերութիւններու կարգաւորում՝ պաղեստինցիներու հետ պետականութեան գործարքի եւ իսրայէլական զօրքերու, 1967 թուականի Միջին Արեւելքի պատերազմին մէջ գրաւուած տարածքներէն լիակատար դուրսբերման դիմաց։ Յայտնի է, որ Սէուտական Արաբիան չի ճանչնար Իսրայէլը։

Այնուամենայնիւ, այս ամիս թագաւորութիւնը յայտարարած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ թռիչքներու իրականացման հարցին մէջ իսրայէլեան օդանաւերուն արտօնութիւն պիտի տայ օգտագործել իր օդային տարածքը։

Թրամփի խորհրդական Ճարետ Քուշներ Սպիտակ տան մէջ յայտարարած է, թէ յոյս ունի, որ արաբական այլ երկիր մը քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի կարգաւորէ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները։

Բայց եւ այնպէս ցարդ արաբական ոչ մէկ պետութիւն յայտարարած, որ կը քննարկէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օրինակին հետեւելու հարցը։

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանն ու Քուշներ անցեալ ամիս քննարկած են պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսելու եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը, երբ Քուշներ այցելած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Միւս կողմէ՝ Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Թրամփ Սալման թագաւորին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան կարեւորութիւնը եւ զինք քաջալերած տարակարծութեան լուծման համար բանակցելու Ծոցի այլ երկիրներու հետ։

Նախորդը

«Եւրոպական Խորհուրդը Պիտի Քննարկէ Անգարայի Դէմ Պատժամիջոցները Հաստատելու Հարցը» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Յաջորդը

Լաւրով Այցելեց Դամասկոս. Մոսկուա Կը Վերահաստատէ Սուրիոյ Գերիշխանութեան Ու Անոր Վերակառուցման Նկատմամբ Իր Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?