Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Այցելեց Դամասկոս. Մոսկուա Կը Վերահաստատէ Սուրիոյ Գերիշխանութեան Ու Անոր Վերակառուցման Նկատմամբ Իր Յանձնառութիւնը

Սեպտեմբեր 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ, ռուսական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, այցելեց Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս։

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պորիսով, որ մաս կը կազմէր պատուիրակութեան, յայտնեց, որ երկու երկիրները կը ջանան «ամրապնդել գործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ»։

Պորիսով եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ Լաւրովի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց տարբեր մարզերու մէջ, ներառեալ՝ ելեկտրականութեան վերակառուցման ծրագիրի շարունակութիւնը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց. «Սուրիա՝ այցելութիւնը, հիմնուած է տարածաշրջանին մէջ նոր զարգացումներու լոյսին տակ յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար գործակցութեան հեռանկարին վրայ»։

«Սուրիա Ռուսիոյ աջակցութեամբ, յաղթեց արտաքին ահաբեկչութեան, որ ջանաց զայն քանդել», ըսաւ ան՝ շեշտելով. «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան տապալման գործողութիւնները կը շարունակուին Ռուսիոյ աջակցութեամբ»։

Ան յայտնեց, թէ իր երկիրը՝ իբրեւ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներէն մէկը, պիտի շարունակէ իր ամէն ջանք ի գործ դնել պաշտպանելու համար Սուրիոյ գերիշխանութիւնը, նաեւ իբրեւ անկախ պետութիւն, անոր ժողովուրդին որոշումը։

Լաւրով նաեւ ըսաւ, որ սուրիական առանցքին վերաբերող աշխատանքը հիմնուած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ համաձայնութեան վրայ՝ նշելով.«Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ Թուրքիոյ հետ մեր գործակցութեան ճամբով կը գործադրուին Իտլիպի շուրջ համաձայնութիւնները»։

«Անկարելի է, որ Սուրիոյ մէջ դերակատարութիւն ունեցող տարբեր գործընկերներուն ու պետութիւններուն միջեւ տեսակէտները նոյնը ըլլան», ըսաւ ան՝ նշելով .«Յամենայն դէպս Անգարայի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի տեսակէտներու բաւական տարբերութիւններ կան»։

«Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը Մոսկուայի կամքէն կախեալ չէ, այլ՝ սուրիական օրինական կառավարութեան», յայտնեց Լաւրով։

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իր կարգին դիտել տուաւ. «Չենք աջակցիր որեւէ համաձայնութիւն, որ կը հակասէ սուրիական սահմանադրութեան»՝ աւելցնելով, թէ ռուսական պատուիրակութեան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումը «շինիչ էր ու շատ հետաքրքրական եւ ներառեց տարածաշրջանին մէջ քաղաքական հարցերն ու զարգացումները»։

Ան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ապագան նկատեց «խոստումնալից եւ բարիք խոստացող, ինչ կը վերաբերի երկրին մէջ տնտեսական ու քաղաքական կացութիւններուն»։

Մոալլեմ ըսաւ, որ սահմանադրական յանձնախումբէն բխելիքը պիտի ներկայացուի ժողովրդային հանրաքուէի, եւ որ «սահմանադրական հոլովոյթի ժամանակացոյց գոյութիւն չունի, որովհետեւ ունի յատուկ սրբութիւն մը՝ սուրիացի ժողովուրդին  պատկանող»։

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտեց, որ իր երկրին դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները «առնչուած են Պաղեստինի եւ Դիմադրութեան վերաբերեալ Դամասկոսի կեցուածքին»։

Նախքան այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ռուսական պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ շարք մը հարցերու շուրջ ընդունելի լուծումի հասնելու ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն գոյութիւն ունի»։

«Սուրիան հետաքրքրուած է ռուսական ներդրումներու յաջողութեամբ», ըսաւ ան։

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Լիպիոյ տագնապին ու այդ երկրին մէջ զինադադարին։

«Լիպիական ուժերը կը հաւաքուին Մոսկուայի մէջ՝ քննարկելու  հասարակաց կէտերը», ըսաւ ան՝ շեշտելով. «Լիպիոյ հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները նման են Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր միջամտութեան, որոնք ճիշդ չեն»։

«Լիպիոյ տագնապին մէջ արտաքին դերակատարներն ու տեղական կառավարութիւնը գիտակցեցան, թէ զինուորական լուծումը անկարելի է», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ շեշտելով, որ իր երկիրը կþաջակցի «լիպիական տագնապի լուծման ու զինադադարի հաստատման նախաձեռնութիւններուն»։

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Թրամփէն Պահանջեց Պաղեստինցիներու Համար Մնայուն Եւ Արդար Լուծում Գտնել

Յաջորդը

Թուրքիան Դատապարտած Է Երուսաղէմի Մէջ Դեսպանատուն Բանալու Քոսովոյի Որոշումը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?