Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնեց, թէ Եւրոպական խորհուրդը սեպտեմբերի վերջաւորութեան պիտի քննարկէ Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը։
Կը նախատեսուի, որ Եւրոպական խորհուրդը այս ամսուան վերջաւորութեան գումարուելիք իր ժողովը յատկացնէ առաջին հերթին թրքական հարցին ու արեւելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութեան՝ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը քննարկելու համար։
«Այս թղթածրարը օրեր առաջ ներկայացուցինք Պերլինի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին՝ պատրաստելու համար Թուրքիոյ նկատմամբ օգտագործուելիք միջոցները», ըսաւ Լը Տրիան։
«Այսօրուընէ իսկ, Եւրոպական խորհուրդի նիստի գումարումէն առաջ իսկ Թուրքիոյ կþըսենք, որ պէտք է առաջին հերթին արեւելեան Միջերկրականի մէջ կացութեան իսկութիւնը բացայայտել», աւելցուց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը։



